Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործեց Պէյրութի Նուէյրի շրջանին վրայ: Նուէյրիի վրայ յարձակումը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ 3-րդ յարձակումն է: Նախորդները Քոլայի եւ Պաշուրայի վրայ եղած էին:

Յարձակումը շէնքի մը վրայ էր, որ մեծապէս վնասուեցաւ: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արձանագրուած է առնուազն 2 զոհ եւ 9 վիրաւոր:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի «պաշտպանութեան նախարար» Ուաֆիք Սաֆան է:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ռաս Նապայի եւ Նուէյրիի մէջ երկու շէնքեր յարձակումի ենթարկուած են, որոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ փուլ եկած է, իսկ երկրորդին մէջ թիրախը յարկաբաժին մըն էր:

Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայէն առնուազն մէկ ղեկավար է:

Հըզպալլան երէկ մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց հիւսիսային Իսրայէլի մէջ Պէյթ Հէյլելը, Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը եւ Մարժ ու Մահիան Պարուխ դիրքերը եւ շարք մը այլ շրջաններ:

Կուսակցութեան մարտիկները նաեւ քանդեցին իսրայէլեան հրասայլ մը, որ Ռաս Նաքուրայի մէջ կը յառաջանար` անոր անձնակազմին մէջ պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Հըզպալլան հրթիռակոծեց Քաֆար Կիլատիի մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներ:

«Իսրայէլ Հայոմ» նշեց, որ Լիբանանէն արձակուած հրթիռ մը ինկած է վերին Գալիլիոյ Մարկլիոթ քաղաքին մէջ շէնքի մը վրայ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:

Հըզպալլա իր կարգին յայտնեց, որ մեծաթիւ հրթիռներով հարուածած է Քիրիաթ Շմոնան, որուն քաղաքապետը քաղաքի բնակիչներուն կոչ ուղղեց ապաստանարաններ մուտք գործել:

Հըզպալլայի մարտիկները նաեւ թիրախաւորեցին իսրայէլեան ուժ մը, որ Ռաս Նաքուրայի շրջանէն կը փորձէր հարաւային Լիբանանի Մշայրֆէ շրջան ներթափանցել:

«Հատաս»-ի համաձայն, երէկ մինչեւ կէսօրէ ետք Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ աւելի քան 170 հրթիռներ արձակուած են:

Կուսակցութիւնը նաեւ Հայֆայի եւ Քարմելի մէջ ռազմակայաններու, հաղորդակցութիւններու կեդրոններու եւ այլ կենսական վայրերու «Հուտհուտ» տիպի անօդաչու թռչող սարքի ճամբով նկարուած լուսանկարներ հրապարակեց:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ իր գործողութիւններուն ընթացքին Հըզպալլայի աւելի քան 500 զինուորական ենթակառոյցներ քանդած է:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ երկու անգամ յարձակում գործեց Զահլէի Քարաք շրջանի բարձունքներուն վրայ:

Քարաքի մէջ 4 զոհ եւ 17 վիրաւոր արձանագրուած է:

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարը Կը Հարցաքննուի՞

Իրանեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնած են, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Իսմայիլ Քաանի ներթափանցուած ըլլալու մեղադրանքով հետաքննութեան կ՛ենթարկուի:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Քաանին իր գրասենեակին Իսրայէլի հետ հաղորդակցութեան կասկածներու շուրջ հետաքննութեան ծիրին մէջ հարցաքննութեան ընթացքին սրտի տագնապ ունեցած է եւ տեղափոխուած հիւանդանոց:

Աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Քաանի հարցաքննութեան կ՛ենթարկուի ապահովական մեծ բացթողումներու շուրջ:

Թեհրանէն, Պէյրութէն ու Պաղտատէն 10 աղբիւրներ, ներառեալ շիի ականաւոր անձնաւորութիւններ եւ Հըզպալլայի մօտիկ եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն աղբիւրներ «ՄիտըլԻսթ Այ» կայքին յայտնած են, որ Քաանին ու անոր խումբը հետաքննութեան կ՛ենթարկուին:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի խորհրդական Իպրահիմ Ժապարի չորեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Քաանի մօտ օրէն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիէն շքանշանով պիտի պարգեւատրուի:

 

Նախորդը

Միքաթի. «Դարձեալ Զինադադարի Հաստատման Փորձ Կատարելու Համար Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Դիւանագիտական Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?