Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլի եւ անոր հիւսիսային շրջաններուն մէջ բնակեցման վայրերուն դէմ իր գործողութիւնները:
Հըզպալլա երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Հայֆայի «Քիրիաթ Իլայզեր»-ի մէջ գտնուող օդային պաշտպանութեան ռազմակայանին վրայ եւ նոյն ժամուն հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Զոֆոլոն շրջանին մէջ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքավայրերը:
Առաւօտեան ժամը 7:20-ին Հըզպալլայի մարտիկները արդէն հեռակառավարուող հրթիռով ուղղակի հարուած հասցուցած էին Իպատ դիրքին մէջ թեքնիք սարքերուն:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն տասնեակներով հրթիռներ արձակուած են Հայֆայի ծոցին ուղղութեամբ, եւ Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քրիոթ շրջանին վրայ հրթիռներ ինկած են: Հրթիռ մըն ալ ինկած է Քրիաթ Պիալիքի ճարտարարուեստի շրջանին մէջ:
Հիւսիսային Գալիլիոյ ուղղութեամբ արձակուած բազմաթիւ հրթիռներուն պատճառով Շամիր, Քաֆարսոլ եւ Ամիր բնակեցման վայրերուն մէջ հրդեհներ յառաջացած են:
Միւս կողմէ, աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին. «Հըզպալլայի ղեկավարներէն Ուաֆիք Սաֆան ծանր վէրքեր ստացած է, եւ անոր վիճակը վտանգաւոր է»:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի աւելի ուշ հերքեց լուրը` նշելով. «Մայրաքաղաք Պէյրութի յարձակումի ենթարկուած վայրին մէջ Հըզպալլայի ոեւէ ղեկավար չկար»:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ հինգշաբթի գիշեր յարձակում գործած էր մայրաքաղաք Պէյրութի Ռաս Նապա եւ Նուէյրի շրջաններուն մէջ գտնուող երկու շէնքերու վրայ, որոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ փուլ եկած էր, իսկ միւսը մեծ վնասներ կրած:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդած էր, որ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի «պաշտպանութեան նախարար» Ուաֆիք Սաֆան է:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Պեքաայի Պուտայ գիւղին վրայ` պատճառելով 5 զոհ եւ 2 վիրաւոր: Օդուժը նաեւ ռմբակոծեց Ժըպշիթը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան Պեքաայի Սհմոր եւ Եհմորի միջեւ դատարկ տարածք մը:
Իսրայէլեան օդուժը երկու յարձակումներ գործեց Սուրի գաւառի Պազուրիէ գիւղի մերձակայքին եւ Ռաշքանիէ գիւղին վրայ:
Իսրայէլեան օդուժը դարձեալ յարձակում գործեց Զահլէի Քարաք գիւղին վրայ:
«Արապիա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածած է Թէյր Տըպպայի մէջ քաղաքային պաշտպանութեան կեդրոնը:
Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Նաքուրա գիւղին մերձակայքը:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը իր գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, մինչեւ որ հիւսիսի բնակիչները իրենց բնակարանները վերադարձնէ եւ անոնց համար յառաջիկայ տարիներուն ապահով ապրելու պայմաններ ստեղծէ:


