Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոն քննարկած են Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ զինադադար հաստատելու ուղիները: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Փեզեշքիանն ու Մաքրոնը կիրակի երեկոյեան հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակած են հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան շուրջ, ուր Իսրայէլ ցամաքային գործողութիւն սկսած է եւ կը շարունակէ բուռն օդային հարուածները:
Իրանի նախագահը ըսած է, որ իր երկիրը միշտ ցանկացած է, որ շրջանին մէջ պահպանուի անվտանգութիւնը, եւ կ՛ողջունէ զինադադարը: Ան ընդգծած է, որ Իրան զսպուածութիւն դրսեւորած է, երբ Իսրայէլ յուլիսին Թեհրանի մէջ սպաննեց պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն` յոյս ունենալով, որ Կազայի մէջ կարելի պիտի ըլլայ զինադադար հաստատել եւ անմեղ մարդոց հետագայ սպանութիւնները դադրեցուին: Սակայն, աւելցուցած է Փեզեշքիան, Իսրայէլ աշխուժացուցած է Կազայի մէջ յարձակումները եւ տագնապը տարածած Լիբանան` ցոյց տալով, որ չի յարգեր մարդասիրական կամ միջազգային օրէնքները:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՛ողջունէ եւ կ՛աջակցի որեւէ առաջարկի, որ պիտի վերականգնէ հանգստութիւնը, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շրջանին մէջ», ըսած է Փեզեշքիան եւ ֆրանսացի պաշտօնակիցին կոչ ուղղած` շարունակելու ջանքեր գործադրել եւրոպական այլ երկիրներու հետ աշխատանքին մէջ` Իսրայէլին ստիպելու դադրեցնել Կազայի եւ Լիբանանի մէջ պատերազմը:
Իրանի նախագահը նաեւ «դրական» որակած է Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յանցագործութիւններու վերջին դատապարտումը եւ զէնքի մատակարարման արգելքը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին Թեհրանին կոչ ուղղած է նպաստելու շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացման:
«Մաքրոն ընդգծած է Իրանի պատասխանատուութիւնը լարուածութեան ընդհանուր մեղմացման պահպանման համար եւ կոչ ուղղած օգտագործելու իր ունեցած ազդեցութիւնը կացութիւնը ապակայունացնող խաղացողներու վրայ, որոնք կը վայելեն Թեհրանի աջակցութիւնը», կը նշուի լրատուութեան մէջ: