Ազգային չափաւորականութեան խորհրդարանական համախմբումէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէ, Մոհամետ Սլէյման եւ Ահմետ Խէյր, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի հետ:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հետ կապուած հոլովոյթը եւ Լիբանանի վրայ կատարուած Իսրայէլի յարձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակն ու երկրի ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: