Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. (Ան)Կարեւոր Ազդանշաններ

October 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթավերջը Լիբանանի մէջ յատկանշուեցաւ ցամաքային գործողութիւններով, ՖԻՆԻՒԼ-ի մասնակից երկիրներու դատապարտանքի շարունակութեամբ: Տարածաշրջանային արձագանգներուն շարքին լուսարձակի տակ պէտք է առնել Թուրքիոյ նախագահին առաջարկը` Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ միացեալ պաշտպանողական գիծ կազմելու, ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումներուն:

Հետաքրքրական է  այս պարագային, որ Թուրքիան ի՛նք կ՛առաջարկէ միացեալ ճակատի մը կազմութիւնը, որուն ինք չի ներառուիր: Նման առաջարկ մը, խորքին մէջ կառուցուած է ռուս-իրանեան համատեղութեան վրայ, որ կը նպաստէ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ սուրիական ուղղութեամբ երեւցած ճեղքերու աղիւսումին: Աւելի հեռահար կտրուածքով նաեւ Կովկասի մէջ Իրանի եւ Ռուսիոյ հռետորական լարուածութեան եւ դիւանագիտական տագնապի նախադրեալներու շրջանցման:

Առաջադրուած գիծը սակայն ըստ էութեան Միացեալ Նահանգներուն դէմ է առաջին հայեացքով: Պարզ է միաժամանակ սակայն, որ Իրան ուղղակի  կը հակադրուի Իսրայէլին եւ տարբեր ազդակներ կ՛ուղարկէ Ուաշինկթընին:

Մոսկուային դեր առաջարկելով Անգարան խորքին մէջ բացասական ազդակ կը յղէ Ուաշինկթընին, միաժամանակ ինքզինք դուրս ձգելով հակաամերիկեան այս առանցքէն: Դժուար ձեւաւորուելիք առանցք է Անգարայի առաջադրածը: Սուրիան աշխուժ չ՛երեւիր այս պատերազմին: Իր տարածքներուն վրայ Իսրայէլ յաջորդաբար կը հարուածէ իրանեան, ռուսական, սուրիական յենակէտեր, որոնց պատասխանը չի ստանար սուրիական տարածքներէ: Սուրիական լռութիւնը նախ եւ առաջ Մոսկուայի կողմէ թելադրուած կրնայ ըլլալ:

Թուրքիոյ առաջարկը այս բոլորին մէջ Մոսկուա -Թեհրան համատեղումէն աւելի Սուրիոյ ներգրաւումին կրնայ վերաբերիլ: Իսկ Սուրիան Թուրքիոյ համար ամէնէն առաջ անվտանգութեան գօտի կ՛ենթադրէ: Թուրքիոյ սահմանը քրտազերծելու առաջնահերթութիւնն է նման առանցքի կազմութեան ետին գտնուող թրքական շահագրգռուածութեան հիմնական պատճառը: Առաջադրուած առանցքը Անգարայէն ուրեմն, հիմնականին մէջ Իսրայէլ-քրտական գործօն համագործակցութեան խորացման արգելակումն է, տարածաշրջանի գլխաւոր ուժերուն կողմէ:

Երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերի իսրայէլեան բանակին, որ յղում կատարելով իր երկրի հետախուզական բաժանմունքին, կը յայտնէ, թէ Իրանէն եւ Հըզպալլայէն հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ կարեւոր ազդանշաններ ստացած է:

Անկախ յայտարարութեան բովանդակութեան հաւաստիութենէն, նման տեղեկութիւն թողարկելը իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրէ, որոշ նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Դրական ընթացքի մը տպաւորութիւն ձգելով իսրայէլեան կողմը ուղերձ կը փոխանցէ այս ձեւով:

Կարեւոր ազդանշանը բնականբար այս պարագային միայն իսրայէլեան կողմէն կարեւոր կը նկատուի: Իսկ կարեւորը կը նշանակէ, որ նկատի առնուելիք ազդանշան է, որուն շուրջ կարելի է պայմանաւորուիլ:

Երկրորդ հետեւութիւնը այն է, որ թէկուզ միջնորդուած, այնուամենայնիւ պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու բանակցութիւն կ՛ընթանայ: Տակաւին ազդանշաններու մակարդակով:

Չմոռնանք, որ սպառնալիքի առաստաղը կտրուկ բարձրացնելէ ետք, ուղղակի Իրանը հարուածելու պատասխանի կարգով, Թել Աւիւը յայտարարեց, որ տակաւին չէ որոշած հակադարձութիւնը: Հիմա կը խօսի կարեւոր ազդանշանի մասին ոչ միայն Իրանէն, այլ նաեւ Հըզպալլայէն: Իսկ մինչ այդ իր նախապայմանը այն էր, որ Իսրայէլ պիտի չդադրեցնէ պատերազմը, մինչեւ որ իրականացնէ իր բոլոր նպատակները: Հըզպալլան կ՛առարկէր` հրադադար եւ ապա միայն բանակցութիւն:

Այս ձեւով իսրայէլեան կողմը կարեւոր ազդանշան նկատելով ըսել կ՛ուզէ, որ Հըզպալլան կը դիւրաբեկէ «հրադադար ետքը բանակցութիւն» իր բանաձեւը: Ինչ որ աւելի թէական կը դարձնէ տեղեկութիւնը եւ անոր կը հաղորդէ զուտ քարոզչական ուղղուածութիւն:

Տարածաշրջանային նշանակութիւն կրնայ ունենալ երրորդ ուշագրաւ երեւոյթը` Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութեան հասնիլը: Սէուտական Արաբիան արաբական աշխարհին մէջ եղանակ ճշդող պետութիւն է: Ռիատը Թեհրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւն կնքած էր այս պատահարներէն բաւական առաջ: Այս մէկը արաբական աշխարհէն գալիք օժանդակութիւններու դուռ բացող քայլ կրնայ նկատուիլ: Կարեւոր է նշելը, որ ստանձնող կողմը լիբանանեան կառավարութիւնն է, ի տարբերութիւն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն Պէյրութ հասած օժանդակութիւններուն:

Աղէտահարը շիի համայնքն է: Գաղթականները` շիի համայնքի միլիոնաւորները: Առաջին օգնութիւնը սիւննի աշխարհի կեդրոնէն  ուղղուած է  իսլամական այլ դաւանանքի հետեւորդ բնակչութեան:

Մարդասիրական քաղաքականութիւն մը պէտք է նկատել այս բոլորի ետին: Եթէ մէկ կողմէ ակունքը այս բոլորին, Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան կը հասնի, միւս կողմէ, գէթ որոշ կեդրոններու պատկերացումով, ռազմական երկրաշարժէն ետք Լիբանանի մէջ ներքաղաքական նոր քարտէսագծումի հեռանկարները կը պարզէ:

Աշխուժ ներգրաւուածութիւն մը կ՛երեւայ ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ: Միջնորդութիւն, նոր առանցքի կազմութեան առաջարկ, ուշագրաւ մարդասիրութիւն, սպառնալիք կամ կարեւոր ազդանշաններ` մայրիներու  երկիրը կը տուայտի այս բոլորին մէջ: Երկիր, որուն նկատմամբ ծրագիրներ կը մշակուին, պատերազմներ կը սանձազերծուին, եւ իր հաշուոյն գործարքներ կ՛իրականանան:

Ազդանշանները, եթէ հաւաստի են, պէտք է յայտարարուին երկկողմանիօրէն: Ապա թէ ոչ անոնք այնքան կարեւոր կրնան չըլլալ:

«Ա.»

Նախորդը

«Առանց Դպրեվանքի Կարելի Չէ Պատկերացնել Մեր Եկեղեցւոյ Ապագան Եւ Սփիւռքահայ Մեր Գաղութներու Պահպանումը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.