Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլ բռնագրաւող գոյացութիւն մըն է, որ շրջանին ու աշխարհին իսկական վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ան գրաւը կը դնէ ոճրագործութեան վրայ, որ ուրիշները կը սարսափեցնէ, եւ Ամերիկայի բացարձակ աջակցութեան վրայ»:
«Չենք կրնար Լիբանանը Պաղեստինէն անջատել, ո՛չ ալ շրջանը` Պաղեստինէն» ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը 75 տարուան բռնագրաւումէն ետք տեղի ունեցաւ, եւ անիկա օրինական իրաւունք է»:
«Լիբանանը իսրայէլեան ծաւալապաշտական ծրագիրին մէջ է», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը` նշելով. «Պաղեստինցիներուն մեր թիկունք կանգնիլը իրաւունքին թիկունք կանգնիլ է, որովհետեւ պաղեստինցիները իրաւունքի տէր են»:
«Եթէ մեծագոյն սատանայ Ամերիկան չըլլար, Իսրայէլ պիտի չկարենար իր այս տիրապետութիւնը ունենալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեծագոյն սատանայ Ամերիկան նոր Միջին Արեւելք մը կ՛ուզէ»:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց. «Օտարերկրեայ դեսպանները կապ կը հաստատէին Հըզպալլայի ղեկավարութեան հետ` զայն յորդորելու դադրեցնելու Կազային թիկունք կանգնելու ճակատը:
«Մենք Իսրայէլեան-ամերիկեան տարբերակով նոր Միջին Արեւելքի վտանգի առջեւ կանգնած ենք», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:
«Մենք իրանեան ծրագիրի առջեւ չենք գտնուիր, այլ պաղեստինեան ծրագիրի, որուն կը զօրակցին իրանցիներն ու այս շրջանի ազատները», աւելցուց ան:
«Շրջանին մէջ ներկայ ծրագիրը ծաւալապաշտական ծրագիր է, եւ պահանջուածը Պաղեստինի ազատագրումն է», ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Պաղեստինին աջակցիլը պարծանք է Իրանի համար, որ բոլոր ջանքերը կը թափէ պաղեստինցիները ամրապնդելու եւ ուժեղացնելու համար»:
«Եթէ Իսրայէլը չդիմակայենք, ան իր նպատակներուն պիտի հասնի», յայտարարեց շէյխ Քասեմ եւ ըսաւ. «Լիբանանին վնաս պատճառողը մարդիկը պաշտպանողը չէ, այլ զանոնք սպաննողը: Մենք` իբրեւ Դիմադրութիւն, պատիւով կը կռուինք եւ անոնց բանակը կը թիրախաւորենք, իսկ իրենք վայրագութեամբ ու նենգութեամբ կը սպաննեն եւ մանուկները, կիներն ու տարեցները կը թիրախաւորեն»:
«Երբ զոհաբերութիւններ կը կատարենք եւ Իսրայէլը կը ցաւցնենք, տասնեակ եւ հարիւր տարիներով սերունդները պաշտպանած կ՛ըլլանք: Իսրայէլի ծրագիրը քանդիչ է, Դիմադրութիւնն ու անոր ժողովուրդը ջնջել է», ըսաւ ան:
«Ճիշդ է, որ ղեկավարներուն հասած հարուածը, նախ եւ առաջ մեծ ընդհանուր քարտուղարինը ծանր էր, եւ փորձեցին կարողականութիւնը հարուածել, սակայն, փառք Աստուծոյ, չկրցան առաջին քայլէն անդին երթալ», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
«Մենք կանգնած ենք կատղած հրէշի մը առջեւ, որ չի հանդուրժեր, որ Դիմադրութիւնը իրեն արգելք կը հանդիսանայ իր նպատակները իրագործել, եւ ձեզի կ՛աւետեմ, որ զայն պիտի բռնենք ու վանդակ վերադարձնենք», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«17 սեպտեմբերէն ի վեր նոր փուլի մէջ ենք, որ կը կոչուի յարձակումին ու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան պատերազմի դիմակայում, եւ այլեւս թիկունք կանգնելու փուլին մէջ չենք», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:
«Ամենայն անկեղծութեամբ, եղբայրները պատերազմի շրջանին ընթացքէն երկու շաբթուան ընթացքէն իրենց սպասածէն աւելի իրագործեցին: Դիմադրութեան նպատակը (իսրայէլեան) բանակը հետապնդել է եւ անոր դէմ գործողութիւն կը կատարէ ամէնուր, որ յառաջ կ՛ընթանայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տղաքը հետզհետէ աւելի կը սպասեն ճակատումը, թէեւ առաջնագիծին վրայ առաջին շաբթուան ընթացքին 25 զոհ եւ 150 վիրաւորներ պատճառեցին: Եւ առաջին շաբթուընէ մինչեւ հիմա որոշեցինք նոր հաւասարակշռութիւն մը, որուն անունը թշնամին ցաւցնելու հաւասարակշռութիւնն է, եւ հրթիռները պիտի հասնին Հայֆա եւ Հայֆայէն ետք, եղողէն ետք ինչպէս սէյիտը (Հասան Նասրալլան, «Ա.») ուզեց»:
«Նկատի ունենալով, որ թշնամին ամբողջ Լիբանանը թիրախաւորեց, ապա իրաւունք ունինք պաշտպանութեան դիրքերէ մեկնելով թիրախաւորելու թշնամիի գոյացութեան մէջ որեւէ կէտ: Իսրայէլեան գոյացութեան մէջ որեւէ կէտ կրնանք թիրախաւորել, եւ յարմար կէտը կ՛ընտրենք», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը իր խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով ըսաւ. «Լուծումը զինադադարն է, եւ ատկէ ետք ըստ անուղղակի համաձայնութեան բնակեցուածները հիւսիս կը վերադառնան: Եւ եթէ պատերազմը շարունակուի, լքուած բնակեցման վայրերը պիտի շատնան, եւ ոչ միայն հարիւր հազարաւորներ, այլեւ երկու միլիոն մարդիկ պիտի վտանգուին»:
«Կուսակցութիւնը ուժեղ է հակառակ «Փէյճըր»-ներու պայթումներուն եւ անոնցմէ ետք հասած ծանր հարուածներուն: Դիմադրութիւնը պարտութեան պիտի չմատնուի, որովհետեւ հողին տէր է, եւ որովհետեւ անոր մարտիկները նահատակութեան պատրաստ են եւ միայն արժանապատիւ կեանք կ՛ուզեն, իսկ ձեր բանակը այժմ պարտուած է եւ աւելի պիտի պարտուի», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
Ան ըսաւ, որ Իսրայէլն է, որ լիբանանցիներուն կեանքը կը խոչընդոտէ, եւ լիբանանցիներուն ազգային կարեկցանքը պիտի ամրապնդէ միասնականութիւնը, «եւ Աստուած ուզէ միասին պիտի ըլլանք, եւ թող ոչ ոք ծիրէն դուրս ներդրում կատարելուն վրայ գրաւ դնէ»: «Հըզպալլան պիտի գոյատեւէ», ընդգծեց ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը խօսքը իր կուսակցութեան համակիրներուն ուղղելով յայտնեց. «Ո՛վ մեր հարազատները, որ տեղահանուեցաք, ձեր զաւակները պատերազմի դաշտին վրայ են, իսկ դուք տեղահանուած, իրապէս, որ դուք ամէնէն պատուաւոր մարդիկն էք, եւ մենք ու դուք նոյն նաւուն վրայ են»:
«Յաղթանակը համբերութեան հետ է, սակայն կը խոստանամ ձեզի մեր ընդհանուր քարտուղարի խոստումը, կը խոստանամ, որ վերադառնաք ձեր տուները, որոնք պիտի վերաշինենք, եւ անոնք առաջուընէ աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլան, եւ ատոր նախապատրաստութիւնը սկսանք տեսնել: Ո՜վ լիբանանցիներ, պէտք է յաղթանակ արձանագրելու համար համբերենք, եւ կը խոստանամ, որ պիտի վերադառնաք ձեր տուները, որոնք պիտի վերաշինենք, եւ ձեզ պիտի չլքենք, եւ դուք մեզ պիտի չլքէք, եւ ամբողջ Դիմադրութիւնն ու անոր մեծ ժողովուրդը պիտի տեսնեն», եզրափակեց շէյխ Քասեմ:


