Գլխաւոր լուրեր

Պորել. «Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան  Գործողութիւնը Կազայի Պատերազմը  Ընդլայնելու Նախերգանք Պէտք Չէ Ըլլայ»

Պորել. «Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան Գործողութիւնը Կազայի Պատերազմը Ընդլայնելու Նախերգանք Պէտք Չէ Ըլլայ»

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւնը պէտք չէ Կազայի պատերազմը ընդլայնելու նախերգանք ըլլայ»: «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի պաղեստինցիները հեռացնելու գաղափարը կը սպառնայ աւելցնել կայունութեան քայքայման սպառնալիքը», նշեց Պորել: Իսրայէլեան բանակը յայտարարած էր, որ Այսրյորդանանի Ժենին եւ Թուլքարմ շրջաններուն մէջ զինեալներու դէմ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծած է: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, գործողութիւնը...

Սեժուռնէ. «Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու,  Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Ղեկավարած Միջնորդութեան»

Սեժուռնէ. «Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Ղեկավարած Միջնորդութեան»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտարարեց. «Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկումներուս ընթացքին ողջունեցի Կազայի հարցով բանակցութիւններուն մէջ Տոհայի դերակատարութիւնը»: «Մենք կը զօրակցինք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարած միջնորդութեան», նշեց Սեժուռնէ: Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ, սակայն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռացման հարցին մէջ յառաջընթաց չարձանագրուելուն եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու...

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամիին Հակադարձման  Պատրաստութիւնը Կը Շարունակուի, Եւ Ժամկէտը  Անոր Համար Անակնկալ Պիտի Ըլլայ»

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամիին Հակադարձման Պատրաստութիւնը Կը Շարունակուի, Եւ Ժամկէտը Անոր Համար Անակնկալ Պիտի Ըլլայ»

Եմէնի հուսիներու «Անսարուլլա» շարժումին ղեկավար Ապտելմալեք Պատրէտտին Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլացի թշնամին բոլոր կարմիր գիծերը անցաւ եւ առանց որեւէ նկատառումի կ՛ոտնահարէ բոլոր օրէնքներն ու անգիր օրէնքները»: Ան Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմին շուրջ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ զարգացումներն ու անոնց Այսրյորդանան տարածուիլը երեւոյթներ են, որոնք մեզի ցոյց կու տան իսրայէլացի թշնամիին իսկութիւնն ու վտանգը»: «Աքսայի մզկիթ ներխուժումներէն աւելի վտանգաւորը...

Ակնարկ.  Թուրանական Կամուրջին Տեսանելի Եւ Անտեսանելի Բաժինները

Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջին Տեսանելի Եւ Անտեսանելի Բաժինները

Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր: Տեղեկատուութեան առանցքը նոյն յանկերգին կը վերաբերի` կողմերը մօտ են համաձայնութեան, համաձայնագիրի նախագիծին զգալի մասը համաձայնեցուած է, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ շարք մը այլ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջները տակաւին կը պահպանուին: Թէեւ առաջին անգամը չէ, այդուհանդերձ...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Հանդիպում Արցախի Խորհրդարանի Պատգամաւորներուն Հետ

«Ապառաժ» կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին նախաձեռնութեամբ, երէկ` 28 օգոստոսին, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցած են Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ: Հանդիպումին մասնակցած են յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, անդամներ` Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, քաղաքագէտ Կարէն Բեքարեան, ներկայ եղած է նաեւ Արցախի...

Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ  Որոշեց Մէկ Տարիով Երկարաձգել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Միաձայնութեամբ Որոշեց Մէկ Տարիով Երկարաձգել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման շուրջ նիստ մը գումարեց` քննարկելով Ֆրանսայի իբրեւ խորհուրդին մէջ «գրիչ կրող» ներկայացուցած առաջարկը: Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը առաջարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը երկարաձգել 12 ամիսով` նշելով, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ պատերազմ ծագելու վտանգը մեծ է: Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը քայքայուեցաւ, երբ Հըզպալլան 8 հոկտեմբերին հիւսիսային...

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու Իսրայէլի  Վրայ Հաւանական Յարձակումէն»

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու Իսրայէլի Վրայ Հաւանական Յարձակումէն»

Միացեալ Նահանգներ Իրանին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու Իսրայէլի վրայ հաւանական յարձակումէն եւ հաւատարիմ կը մնան իսրայէլեան տարածքի պաշտպանութեան` նման յարձակման պարագային: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Իրանին ուղղուած մեր ուղերձը անփոփոխ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ատիկա չընելու: Լարուածութիւնը մեծցնելու պատճառ չկայ: Շրջանային պատերազմ սկսելու որեւէ պատճառ չկայ:...

«Մեր Վրիժառութիւնը Անակնկալ Պիտի Ըլլայ,  Եւ Սիոնական Վարչակարգը Պէտք Է  Սարսափահար Վիճակի Մէջ Մնայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը

«Մեր Վրիժառութիւնը Անակնկալ Պիտի Ըլլայ, Եւ Սիոնական Վարչակարգը Պէտք Է Սարսափահար Վիճակի Մէջ Մնայ» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը

Իրանի պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ-զօրավար Հիժաթալլա Քուրէյշի շեշտեց, որ Իրանի ռազմարդիւնաբերութիւնը այլեւս ամբողջութեամբ տեղական արտադրութիւն դարձած է: «Հակառակ պատժամիջոցներուն եւ հսկայական ու անարդար սահմանափակումներուն, ռազմարդիւնաբերութեան մէջ ինքնաբաւութեան իրագործումը իսլամական յեղափոխութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է», ըսաւ ան: «Այդպիսի կարողութիւններու հասնիլը Իրանը շրջանին մէջ ազդու եւ ճակատագրական դերակատարի վերածեց», յայտնեց Քուրէյշի: Անդրադառնալով Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութեան`...

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու  Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

«Լիբանանցիները Սարսափեցնելու Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցերուն, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակին եւ քաղաքական տագնապին: Նախագահական ընտրութեան յետաձգման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թերեւս ներքին լիբանանեան քաղաքական որոշում կայ նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու, «սակայն ներկայիս տիրող իրավիճակը, պատերազմը եւ...

Ազրպէյճան Սկսած Է Արցախի «Մե՛նք Ենք,  Մեր Սարերը» Յուշարձանը Իւրացնելու Հոլովոյթը

Ազրպէյճան Սկսած Է Արցախի «Մե՛նք Ենք, Մեր Սարերը» Յուշարձանը Իւրացնելու Հոլովոյթը

Օրեր առաջ ազրպէյճանական «Քալչըր աֆ Ազրպէյճան» կայքը հրապարակեց Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յայտնի յուշարձանի մասին յայտարարութիւն` նշելով որ անիկա կառուցուած է «Ազրպէյճանի Խանքենդի» քաղաքին մէջ 1967 թուականին եւ որ «Ազրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Մոնիւմընթ Ուաչ»-ը: «Հանրայայտ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներէն մէկն է եւ որ ստեղծուած է...

Նեթանիահու. «Ֆիլատելֆիա Միջանցքի  Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումէն Պիտի Չհրաժարինք»

Նեթանիահու. «Ֆիլատելֆիա Միջանցքի Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումէն Պիտի Չհրաժարինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Նեթանիահու վճռական է վերադարձնելու գերիները եւ Ֆիլատելֆիա միջանցքը Իսրայէլի ձեռքը պահելու»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը այս առումով հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտարարած է. «Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումէն պիտի չհրաժարինք, եւ այդ առնչութեամբ անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարութեան դիրքորոշումը զիս չի հետաքրքրեր»: Եգիպտական լաւատեղեակ ապահովական աղբիւրներ սէուտական «Շարք» օրաթերթին յայտնեցին, որ եգիպտական եւ պաղեստինեան կողմերը համաձայն են,...

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ  Առած Է Տոնեցքի Օրլովքա Բնակավայրը

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Տոնեցքի Օրլովքա Բնակավայրը

Ռուսական «Վոսթոք» խմբաւորումը պարտութեան մատնած է ուքրանական հինգ զօրամաս, ինչպէս նաեւ ետ մղած է չորս հակագրոհ: «Կեդրոն» խմբաւորման ռուսական ստորաբաժանումները ազատագրած են Տոնեցքի Օրլովքա բնակավայրը: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Օրլովքա կը գտնուի Աւտէեւքայի արուարձանին մէջ` առանցքային ճամբու վրայ, որով կը մատակարարուէր Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Տոնպասի խմբաւորումը: Այժմ ուքրանական զօրքերու մատակարարումը էապէս խախտած է: Նախարարութեան հաղորդումով, ռուսական զօրքերը...

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Քննադատած Է Պաքուի` Որոշ  Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքը  Արգիլելու Որոշումը

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Քննադատած Է Պաքուի` Որոշ Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքը Արգիլելու Որոշումը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս քննադատած է որոշ երեսփոխաններու Ազրպէյճան մուտքը արգիլելու Պաքուի որոշումը: «Ատիկա վատ ազդանշան է: Իրենց խիղճին համաձայն քուէարկածները սեւ ցուցակի վրայ ներառելը կրնայ միայն հակառակ արդիւնքը ունենալ», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Պաքուն արգիլած էր Ազրպէյճան մուտքը ԵԽԽՎ-ի այն երեսփոխաններուն, որոնք ազրպէյճանական պատուիրակութեան դէմ քուէարկած են: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ...

Ակնարկ.  Ժամանակի Գործօնը Ռազմական Եւ Բանակցային Գործընթացներուն Վրայ

Ակնարկ. Ժամանակի Գործօնը Ռազմական Եւ Բանակցային Գործընթացներուն Վրայ

Կիրակի օրուան Հըզպալլա - Իսրայէլ ռազմական գործողութիւններէն ետք երկկողմանիօրէն կատարուած յայտարարութիւնները որոշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդեն: Անշուշտ, բացարձակ եզրակացութեան յանգիլը եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կանխատեսումներ կատարելը բարդ է եւ անիրատեսական, պարզ այն պատճառով, որ տեղեկատուական պատերազմը կ՛ընթանայ ռազմականին զուգահեռ, եւ իւրաքանչիւր կողմ իւրովի կը մեկնաբանէ իր ձեռնարկած գործողութեան արդիւնքը: Նախ արձանագրենք այն, որ Հըզպալլա Իսրայէլի կողմէ իր զինուորական պատասխանատուին ահաբեկման եւ հարաւային...

Նախկին Վարչապետ Հըսի Յիշատակին  Բագրատունիի Գրառումը

Նախկին Վարչապետ Հըսի Յիշատակին Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի մահուան առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեկնեցաւ Լիբանանի խիղճը, պատնէշներու ժամանակաշրջանին մէջ խաղաղասէրն ու երկխօսութիւն կատարողը եւ պետութեան կառուցման հարցին մէջ զիջում չկատարողը: «Ան մեկնեցաւ խիղճը հանգիստ, որ հայրենիքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ փորձած ըլլալու պատիւը ունէր: «Անկրկնելի պետական այր մը` Սելիմ Հըսը»:  

Կալանթ. «Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմը  Հեռաւոր Ապագային Է Եւ Ոչ Թէ Հիմա»

Կալանթ. «Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմը Հեռաւոր Ապագային Է Եւ Ոչ Թէ Հիմա»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց. «Հըզպալլայի դէմ պատերազմը հեռաւոր ապագային է եւ ոչ թէ հիմա»: Կալանթ աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակը ձախողութեան մատնած է Հըզպալլայի կիրակի օրուան գործողութիւնը: Իսրայէլի բանակի բանբերը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կրնայ հաստատել, որ «Կալիլոթ» ռազմակայանը անվնաս մնացած է, հակառակ անոր որ Հըզպալլայի յարձակումին գլխաւոր թիրախն էր: Զինուորական հետախուզութեան` Ամանի ռազմակայանը, որ նաեւ կը ներառէ...

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան.  Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան. Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

Գահիրէի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի եւ Իսրայէլի միջեւ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները անգամ մը եւս անելի մատնուեցան` Իսրայէլի Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռանալ մերժելուն պատճառով: Գահիրէի մէջ կիրակի օրուան բանակցութիւնները վճռորոշ կը նկատուէին, սակայն որեւէ յառաջընթացի չյանգեցան, եւ պաշտօնական պատուիրակութիւնները հեռացան Եգիպտոսի մայրաքաղաքէն: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը գոյատեւեն: Իսրայէլի պետական...

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր  Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի իր իտալացի պաշտօնակից Անթոնիօ Թայանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց. «Սիոնական գոյացութեան Թեհրանի մէջ գործած ահաբեկչական արարքին Իրանի հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ հաստատ, ճշգրիտ եւ հաշուարկուած»: «Իրան, ի տարբերութիւն սիոնական գոյացութեան, լարուածութեան ընդլայնման չի ձգտիր, թէեւ ատկէ չի վախնար», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շնորհաւորեց Արաքժին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին...

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու  Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ կը վերաբերէր լիբանանեան թատերաբեմին վրայ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն: Անդրադառնալով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարին` Բագրատունի յայտնեց, թէ թերեւս գոյութիւն ունի ներքին քաղաքական որոշում մը յետաձգելու նախագահական ընտրութիւնը եւ զայն կապելու Կազայի ու շրջանին մէջ պատերազմի թղթածրարին: Ան յայտնեց, որ ասիկա...

Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ,  Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած  Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ,  Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը  Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

Նասրալլա. «Եթէ Արդիւնքը Գոհացուցիչ Ըլլայ, Հակադարձութեան Գործողութիւնը Աւարտած Պիտի Նկատենք, Իսկ Եթէ Արդիւնքը Բաւարար Չէ, Ապա Հակադարձելու Իրաւունքի Իրականացումը Այլ Ատենուան Պիտի Պահենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ երէկ առաւօտեան ժամը 5:15-ին Իսրայէլի դէմ շղթայազերծուած գործողութեան, որ կոչեց «Քառասունքի օրուան գործողութիւն»` նկատի ունենալով, որ անիկա կը զուգադիպի Իմամ Հիւսէյնի սպանութեան քառասունքի ոգեկոչման օրուան: Անդրադառնալով Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին եւ Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութեան ուշացումին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց. «Հակադարձելու համար սպասեցինք, որպէսզի առիթ ընծայենք (Կազայի մէջ...

Page 149 of 796 1 … 148 149 150 … 796

Արխիւներ