Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «ՔՈՓ29-ի Նիւթին Շուրջ Ազրպէյճանի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Արեւմտեան Ուժերու Փորձերը Անօգուտ Են Եւ Աննախադէպ»

October 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները, կը հասկնամ, որ անոնք գումար կը ստանան իրենց միջազգային լոպիինկին համար, անոնք ատիկա չեն թաքցներ, սակայն ինծի կը թուի, որ անոնք ընելիք ունին», 9 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան այս ձեւով պատասխանած է ազրպէյճանցի լրագրողին, որ չափազանց դժգոհութիւն արտայայտած էր Պաքուի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ29 Կենսոլորտային խորհրդաժողովի նախօրեակին Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման խնդրանքով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու` շուրջ 60 ամերիկացի քոնկրեսականներու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած կոչին նկատմամբ:

«Ես անշուշտ պիտի անդրադառնամ կլիմայական օրակարգին եւ այդ նիւթով Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին:

«Սակայն ես կ՛ուզեմ ըսել, գիտէք, որ համաշխարհային, ըստ էութեան համաամերիկեան գայթակղութեան հրէշաւոր բացայայտուած փաստերը: Մենք կը խօսինք այս ամբողջ հոլիվուտեան ամբոխին մասին, եւ ինչպէս անոնք տասնեակ տարիներ այլասերած են երեխաները, կը յուշէ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները իրենց տան մէջ ընելիք ունին:

«Եթէ անոնք իրենց ընտրուած պաշտօնները կը դիտեն իբրեւ ուղղակի միջազգային լոպիիստներէն դրամ ստանալու գործ, թերեւս ամբողջը պէտք է վերանուանուի եւ ոչ թէ «Քոնկրես» կոչուող կառոյց, այլ վերանուանուի «ամերիկեան լոպի» կամ «լոպիիստական գործակալութիւն» կոչուող կառոյց, եւ դուք կրնաք պարզապէս այնտեղ գումար ուղարկել, եւ այդ գումարով մարդիկ կ՛աշխատին:

«Բայց որովհետեւ քոնկրեսականները այն մարդիկն են, որոնց Ամերիկայի բնակչութիւնը կը պատուիրակէ իր իրաւունքներն ու լիազօրութիւնները` իրականացնելու համար իրենց քաղաքացիական շահերը, թերեւս անոնք ալ հոգան իրենց խնդիրները», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Ազրպէյճանի վրայ ճնշումները եղած են բազմիցս եւ տարբեր հարցերու շուրջ», ըսած է Զախարովա` աւելցնելով. «Սակայն տարբեր հարցերու, այդ շարքին` ՔՈՓ29-ի նիւթին շուրջ Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու արեւմտեան ուժերու փորձերը անօգուտ են եւ աննախադէպ»:

Զախարովա նաեւ յայտարարած է. «Հայաստանը աշխուժօրէն մասնակցած է «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներու մասին» յայտարարութեան նախագիծի փորձագիտական հաստատման, առաջարկներ կատարած, անոնցմէ շատերը հաշուի առնուած են, սակայն վերջնական փաստաթուղթը չէ ստորագրած»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով` ինչո՞ւ Երեւանը չէ ստորագրած փաստաթուղթը, Զախարովա ըսած է. «Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը փաստաթուղթը չստորագրեց ԱՊՀ երկիրներու նախարարներու խորհուրդին մէջ, աւելի լաւ է ինք այդ հարցումին պատասխանէ, իսկ իմ անձնական կարծիքս թող մնայ ինծի»:

ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 7 հոկտեմբերին միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտած են միակողմանի պատժամիջոցները, յորդորած զերծ մնալ նման քայլերէ: Միացեալ յայտարարութիւնը ընդունուած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած նիստէն ետք, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

«Որեւէ պետութեան կողմէ միակողմանի սահմանափակող քայլերու որդեգրումը կը հակասէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին: Պետութիւններուն խորհուրդ կը տրուի ձեռնպահ մնալ միակողմանի սահմանափակող քայլերու որդեգրումէն, տարածումէն եւ կիրարկումէն, որոնք կը խոչընդոտեն ընկերային-տնտեսական զարգացման, յատկապէս զարգացող երկիրներու մէջ», կը նշուի միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ ԸԵՄՄ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.