Ռիատ Սալամէ Չորս Օրուան Ժամկէտով Կալանաւորուեցաւ
Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ լսումի համար ներկայացաւ Արդարադատութեան պալատ: Լսումը կը վերաբերէր «Օփթիմըմ» ընկերութեան թղթածրարին եւ Կեդրոնական դրամատան ու նշեալ ընկերութեան միջեւ պարտատոմսերու գնման, լիբանանեան թղթոսկիով գումարներու պահ դրման վկայագիրներու եւ ընկերութեան միջնորդավճարներ ստանալու թղթածրարին: Ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժար Սալամէն լսելէ ետք հրամայեց զինք ձերբակալել: «Ժատիտ» հաղորդեց, որ զինք փոխադրած են ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղի: Արդարադատութեան...




















