Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Բուռն Յարձակումներ Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Հոկտեմբեր 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Ժընահ, Հարեթ Հրէյք, Պըրժ Պարաժինա եւ Լայլաքի շրջաններուն մէջ շարք մը շէնքերու վրայ, որոնցմէ ոմանք քանդուեցան, եւ թիրախաւորուած վայրերուն մէջ հրդեհներ ծագեցան:

Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի գիշեր եւս աւելի քան 14 յարձակումներ գործեց Հարաւային արուարձաններուն վրայ:

Իսրայէլ նաեւ յարձակում գործեց Պեքայի Հերմել քաղաքին վրայ, ուր 5 զոհ եւ 7 վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Հարաւային արուարձաններու «Սահել» հիւանդանոցի վարչութիւնը լրագրողներու այցելութիւն կազմակերպեց` ծանօթացնելու համար հիւանդանոցին տակ գտնուող կառոյցները:

Իսրայէլեան բանակը կը պնդէ, որ հիւանդանոցին տակ փապուղիներ եւ Հըզպալլայի ենթակառոյցներ գոյութիւն ունին:

Իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ կէս գիշերին ռմբակոծեց նաեւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին շրջակայքը: Արձանագրուեցան 57 վիրաւոր եւ 13 զոհ:

Հըզպալլա երէկ հրթիռակոծեց «Կալիլոթ» ռազմակայանը, Ռըպ Թլաթին գիւղին մէջ Աքապէ բլուրին վրայ հեռակառավարուող հրթիռով հարուածեց «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, ինչպէս նաեւ անոր մարտիկները բախում ունեցան իսրայէլեան ուժի մը հետ, որ ներթափանցած էր Թիպէ գիւղի մերձակայքը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին վիրաւորուած 16 զինուորներ փոխադրուած են Սաֆատի մէջ գտնուող «Զէյֆ» հիւանդանոց: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտնեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին 25 զինուորներ վիրաւորուած են:

Նախորդը

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Մտավախութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Մէջ Մօտալուտ Քաղաքացիական Պատերազմի Նկատմամբ

Յաջորդը

«1974-2024, Կիպրոսի Գրաւեալ Շրջաններու Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումի 50-Ամեայ Ընթացք » Խորագրով Միջազգային Գիտաժողով

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?