Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարապետեան. «Եւրոպական Միութեան Գործադիր Իշխանութիւնը Չի Կրնար Անվերջ Հաշուի Չառնել Եւրոպական Խորհրդարանի Կարծիքը»

Հոկտեմբեր 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը 24 հոկտեմբերի իր լիագումար նիստին ընդունած է «Ազրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտման ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին» բանաձեւը` 453 կողմ, 31 դէմ, 89 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ: Այս քուէարկութեան երկու օր առաջ նախորդած էր այդ նիւթով խորհրդարանական քննարկում:

Բանաձեւի նախաբանին մէջ Եւրոպական խորհրդարանը կը գտնէ, որ Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումները անհամատեղելի են այդ երկրին մէջ ՔՈՓ29-ի կայացման հետ, ապա Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ ձեռնարկելու հաւանական քայլեր, որպէսզի ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովները հետագային չկազմակերպուին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ վատ ցուցանիշներ ունեցող երկիրներու մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանը կ՛արձանագրէ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակաբար վատթարացումը, միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումները, ներառեալ Հայաստանի հանդէպ յարձակողական պահուածքը, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրատուամիջոցներու նկատմամբ խիստ սահմանափակումները, եւրոպացի պաշտօնեաները կաշառելու` «խաւիարային դիւանագիտութեան» արատաւոր մեքանիզմները, 2023 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի անօրինական շրջափակումը, միջազգային իրաւունքի խախտումով իրականացուած յարձակումը, ցեղային զտումները, 23 հայերու, որոնց շարքին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան պատանդառումը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը: Խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, առ այն, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներ կիրարկելու որեւէ ֆիզիքական անձի եւ կազմակերպութեան նկատմամբ, որ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Արդէն բանաձեւի բուն բնագիրին մէջ խորհրդարանը, ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, խստօրէն կը դատապարտէ Ալիեւի վարչակարգը, գործադիր իշխանութեան կոչ կ՛ուղղէ կասեցնելու Ազրպէյճանի հետ ուժանիւթի յուշագիրը: Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանին կը յորդորէ դուրս բերել զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, կը դատապարտէ Հայաստանի նկատմամբ նախայարձակումը, ներառեալ հիպրիտային յարձակումները, կ՛ողջունէ որոշ անդամ պետութիւններու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող պաշտպանական ռազմական օժանդակութիւնը:

Յատկապէս պէտք է ընդգծել Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրականացման հարցին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի սկզբունքային ու հետեւողական դիրքորոշումը: Այս բանաձեւին մէջ եւս, յղում կատարելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի  որոշումին, խորհրդարանը կը պահանջէ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացում, արցախահայերուն հետ անկեղծ ու թափանցիկ երկխօսութեան սկիզբ` վերջիններուս իրաւունքներու պաշտպանութեան համար երաշխիքներու տրամադրման շուրջ: Խորհրդարանը կը պահանջէ հեռու մնալ սադրիչ հռետորաբանութենէն եւ հայութեան հանդէպ խտրականութեան դրսեւորումներէն:

Խորհրդարանը նաեւ կը պահանջէ Արցախի դէմ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու անկախ հետաքննութիւն, ինչպէս նաեւ Արցախի գրաւումէն ետք ձերբակալուած անձերու ազատ արձակում:

Յատուկ անդրադարձ կայ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, որուն պարունակին մէջ կը պահանջուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համապատասխան առաքելութեան մուտքը շրջան:

Խորհրդարանը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադրական կապուղիներու վերականգնումը կը դիտարկէ բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ:

Մեկնաբանելով բանաձեւի ընդունումը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան մասնաւորապէս նկատած է. «Այս բանաձեւին ընդունումը տրամաբանական շարունակութիւնն էր Եւրոպական խորհրդարանի նախկին բանաձեւերուն եւ 22 հոկտեմբերի քննարկման: Մենք շնորհակալ ենք Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն, կը գնահատենք անոնց սկզբունքայնութիւնն ու հետեւողականութիւնը, ինչ որ, կը ցանկանք հաւատալ, որ պիտի բերէ նաեւ Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան քաղաքականութեան վերանայման:

Այս բանաձեւի մասով, յատուկ կը ցանկամ կարեւորութեամբ շեշտել, որ խորհրդարանը Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար նախապայմաններ կը սահմանէ` մասնաւորապէս քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, Հայաստանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ անկեղծ պատրաստակամութեան դրսեւորումը, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան իրաւունքներու յարգումը:

Կը ցանկամ շեշտել` Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան ենթադրեալ նոր համաձայնագիրի վաւերացման հարցը ամբողջութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի իրաւասութեան ոլորտին մէջ է, եւ այս հարցով գործադիր իշխանութիւնը կաշկանդուած է Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումով: Հետեւաբար, Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան քաղաքականութեան զարգացումը որոշակի փուլի մէջ կախուած պիտի ըլլայ խորհրդարանի դիրքորոշումէն, ուստի գործադիր իշխանութիւնը չի կրնար անվերջ հաշուի չառնել խորհրդարանի կարծիքը: Մենք արդէն իսկ կը նշմարենք արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան կողմէ Ազրպէյճանի հետ խօսոյթի որոշակի կոշտացում եւ մեզի համար ընդունելի օրակարգերու ներառում: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը այս ուղղութեամբ եւս կը շարունակէ իր աշխատանքները»:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Հարիսը Ոչինչ Ըրաւ, Երբ 120.000 Հայ Քրիստոնեաներ Տեղահանուեցան Արցախէն. Երբ Նախագահ Ըլլամ, Պիտի Վերականգնեմ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?