Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայն. «Թիւ 1701 Որոշումի Բարեփոխման Շուրջ Պիտի Չբանակցիմ, Այլ` Զայն Գործադրելու Կարելիութեան»

October 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ այցելեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկելու դիւանագիտական լուծումի մը կարելիութիւնը:

Ան Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Տագնապի երկար ամիսներէն ետք չկրցանք զայն լուծել, եւ Լիբանանի ցաւերուն նկատմամբ կը տխրիմ»:

«Կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս եկաւ, եւ Լիբանանի ապագան տագնապներու կապելը լիբանանցիներու շահերէն չի բխիր», նշեց Հոքշթայն:

«Ուաշինկթըն կ՛ուզէ դադրեցնել այս տագնապը եւ լիբանանեան պետութեան ու Իսրայէլի կառավարութեան հետ կ՛աշխատի ատիկա իրագործելու համար», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

«Հակառակ իմ իրերայաջորդ այցելութիւններուս, չկրցանք Լիբանանի մէջ տագնապը վերահսկողութեան տակ պահել, եւ մէկ ամիս առաջ զգուշացուցի, որ պէտք է խնդիրները լուծել եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ներկայ տագնապին վերջ տալ, սակայն կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս եկաւ», յայտնեց Հոքշթայն:

Ան ըսաւ. «Թիւ 1701 որոշումը չգործադրելն է այս տագնապին սրացման եւ շարունակման պատճառը»: Ան նաեւ աւելցուց. «Ոչ ոք թիւ 1701 որոշումը գործադրեց, ինչ որ նպաստեց այս տագնապին»:

«Յանձնառու ենք Լիբանանի մէջ տագնապը թիւ 1701 որոշումին հիմամբ լուծելու, սակայն երկու կողմերուն թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ յանձնառութիւնը բաւարար չէ: Լիբանանեան կառավարութիւնը աջակցութեան կարիք ունի, եւ Ուաշինկթըն յանձնառու է պէտք եղած նպաստը տրամադրելու», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Լիբանանեան բանակը միջազգային աջակցութեան կարիք ունի, որպէսզի թիւ 1701 որոշումին համաձայն ազդու ըլլայ», ըսաւ ան:

«Միջազգային ընտանիքն ու Ուաշինկթընը յանձնառու են Լիբանանի վերակառուցման եւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան: Լիբանանեան բանակը կարող է Լիբանանը, անոր սահմաններն ու նաւահանգիստները պաշտպանել», աւելցուց Հոքշթայն:

«Թիւ 1701 որոշումի բարեփոխման շուրջ պիտի չբանակցիմ, այլ զայն գործադրելու կարելիութեան», շեշտեց Հոքշթայն:

Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ նշեց. «Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը ձգտի երաշխաւորելու, որ այս տագնապը Լիբանանի մէջ յաջորդ սերունդներուն համար վերջինը պիտի ըլլայ»:

«Եթէ Լիբանանի ղեկավարները ճիշդ որոշումները որդեգրեն, անոնց կողքին պիտի կանգնինք», ընդգծեց ան:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պատուիրակներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեցին, որ «Իսրայէլ Ուաշինկթընին յանձնեց Հըզպալլայի հետ պատերազմին վերջ տուող դիւանագիտական լուծումի սկզբունքներու փաստաթուղթ մը»` նշելով. «Սկզբունքներու փաստաթուղթը սահմանի երկու կողմերու տեղահանուածներուն կ՛արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ»:

Ըստ կայքին, Իսրայէլ հինգշաբթի օր Հոքշթայնին յանձնած է Հըզպալլայի հետ պատերազմին վերջ տալու փաստաթուղթը:

«Իսրայէլի պայմաններէն մէկը լիբանանեան օդային տարածքին մէջ գործելու ազատութիւն ունենալն է», կը նշէ «Ուալլա»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են. «ՖԻՆԻՒԼ-ը չի կրնար հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւն եղող միակ ուժը ըլլալ»:

«Իսրայէլ պատրաստ է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Լիբանանի մէջ քաղաքական լուծումին մաս կազմէ», նշած են պաշտօնատարները:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նշեց. «Իսրայէլ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընին ներկաացուց Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական լուծումի հասնելու համար իր պայմանները»:

«Իսրայէլ Լիբանանի պատերազմին վերջ տալու համար պայման ճշդեց իր բանակին արտօնել «ազդու մասնակցութիւն» ունենալ Հըզպալլայի վերազինման արգիլման երաշխաւորման», յայտնեց «Աքսիոս»:

Ամերիկեան կայքը նաեւ նշեց. «Իսրայէլ Լիբանանի պատերազմին վերջ տալու համար պայման ճշդեց իր օդուժին արտօնել Լիբանանի օդային տարածքին մէջ ազատօրէն գործել»:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնած է. «Դրական տրամադրուած ենք համապարփակ գործարքի մը նկատմամբ, որ հարաւային Լիբանանի ճակատը կը հանդարտեցնէ եւ Կազայէն գերիներու ազատ արձակում կ՛ապահովէ»:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Հոքշթայնի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանդիպումը լաւ էր, կարեւորը արդիւնքներն են»:

Ամերիկացի պատուիրակը աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի եւ վարչապետի պաշտօնակատարի խորհրդական Զիատ Միքաթիի:

Միքաթի հանդիպումին ընթացքին շեշտեց. «Առաջնահերթութիւնը զինադադարն է եւ թիւ 1701 որոշումի համապարփակ ու ամբողջական գործադրութիւնը, որովհետեւ անիկա շրջանի կայունութեան հիմնական սիւնն է»:

«Մօտալուտ զինադադարի հասնելու դիւանագիտական ջանքերը աշխուժ են», նշեց ան:

Հոքշթայն իր կարգին շեշտեց. «Դիւանագիտական ջանքերը տակաւին կանգուն են եւ լուրջ, եւ մենք աշխատանք կը տանինք յառաջիկայ փուլին զինադադար հաստատելու եւ կը զօրակցինք թիւ 1701 որոշումի ամբողջական ու համապարփակ գործադրութեան, եւ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին որոշումի գործադրութեան կերպին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան տարազի մը հասնելու»:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել, Իսկ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Հրաւէրով Խորհրդակցական Լայն Հանդիպում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.