Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ արեւելեան Պեքայի գիւղերուն վրայ, մինչ Հըզպալլա շարունակեց հրթիռակոծել Գալիլիոյ շրջանը:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը կիրակի գիշեր յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ այլ շրջաններու մէջ «Քարտ Հասան» հաստատութեան կեդրոններուն վրայ: Միայն Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ աւելի քան 11 յարձակումներ գործուեցան:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան յարձակումներ գործեց Պաալպեքի եւ Հազին գիւղին վրայ, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Հանին եւ Ռամիա գիւղերուն վրայ:
Գալիլիոյ Սաֆատ շրջանի «Զէյֆ» հիւանդանոցը հաղորդեց, որ մէկ գիշեր առաջ իսրայէլեան հիւսիսի մէջ բախումներու վայրերէն 15 վիրաւորներ ընդունած է:
Հըզպալլան հրետանիով ռմբակոծեց Պլիտա գիւղին մէջ Քենաան բարձունքին վրայ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները: Կուսակցութիւնը արշալոյսին հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, «Պէյթ Հիլել» ռազմակայանը, Մալիքիէ դիրքին վրայ իսրայէլեան ուժեր եւ Օտեմի մէջ հրետանիի դիրքը:
Կուսակցութիւնը առաւօտեան ժամը 9:30-ին հրթիռակոծեց Մաալոթ Թերշիհա բնակեցման վայրը, ապա մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Իլիթ Հաշահերի հիւսիսը գտնուող թիւ 100 ռազմակայանը:
Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց, որ վար առած է իսրայէլեան «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը, իսկ իսրայէլեան բանակը երէկ հաղորդեց, որ Միջերկրական ծովուն վրայ դէմ դրած է 5 անօդաչու թռչող սարքերու, որոնք չեն յաջողած Իսրայէլի օդային տարածք մուտք գործել:
Հըզպալլա նաեւ հարուածեց Հերմոն լերան վրայ գտնուող թիւ 2222 դիրքը: