Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լը Քորնիւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը «մեր հաւաքական անվտանգութեան կամար կարեւոր է»` զգուշացնելով Լիբանանի քայքայումէն եւ այնտեղ «մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի» ծագումէն: Ան այս մասին յայտնեց «Էլ.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց. «Ներկայիս մեր դիրքորոշումը հիմնուած է մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ մօտալուտ քաղաքացիական պատերազմի նկատմամբ մտավախութեան վրայ»:
Ան այդ մտավախութիւնը հիմնաւորելու համար նշեց տեղահանուած հասարակութիւնները եւ «յարանուանութիւններու միջեւ շատ ուժեղ զգայնութիւններ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի տկարացումը, ինչ որ լաւ լուր է, հակառակը պիտի չըսենք»:
«Կը տեսնէք, որ Լիբանանը կրնայ տակաւին աւելի քայքայուիլ», աւելցուց Լը Քորնիւ:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժին` ՖԻՆԻՒԼ-ին, ան ցաւ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «միշտ չէ, որ իր գործողութիւններուն մէջ ապահովական պէտք եղած քայլերը կ՛որդեգրէ»:
Լը Քորնիւ ըսաւ, որ յստակ է, թէ Հըզպալլան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իր գործողութիւններուն մէջ իբրեւ ծածկոյթ կ՛օգտագործէ, սակայն նշեց, որ այդ ուժերու դիրքերը անցեալ շաբաթ իսրայէլեան բանակին կողմէ «ուղղակի թիրախաւորման ենթարկուեցան»:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց. «Որոշ թիւով ահաբեկիչներու վնասազերծման միջոցով մարտավարական իրերայաջորդ յաղթանակներ բան մըն են, որոնց համար պիտի չցաւինք, սակայն միջին եւ երկար տեւողութեան վրայ Իսրայէլի անվտանգութեան յստակ կամ մեքենայական հորիզոններ չեն ապահովեր»: