Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր, Սակայն Եթէ Որեւէ Կողմ Ուզէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործել, Ուժգին Ու Վճռական Հակադարձութեան Պիտի Արժանանայ»

October 25, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն եթէ որեւէ կողմ ուզէ մեր վրայ յարձակում գործել, ուժգին ու վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

«Սիոնական գոյացութիւնը բոլոր կարմիր գիծերը անցաւ, եւ անմեղները սպաննելով փաստեց, որ մարդասիրական որեւէ սկզբունք չի յարգեր», ըսաւ Փեզեշքիան:

Իրանի նախագահը նաեւ նշեց. «Այն, ինչ որ շրջանին կը սպառնայ, Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան պետութիւններու սիոնական գոյացութեան անվերապահ աջակցութիւնն է»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի իր կարգին նշեց. «Սիոնական գոյացութիւնը պիտի չկարենայ յաղթել, եւ զայն պարտութեան պիտի մատնենք»:

Մինչ այդ, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստ է իրանեան հրթիռային յարձակումին հակադարձելու:

«Իսրայէլ Իրանի վրայ յարձակում գործելու եզրին է, հակառակ ամերիկեան ճնշումներուն», նշեց կայանը:

Հետախոյզ լաւատեղեակ աղբիւր մը, սակայն, ամերիկեան «Թայմզ»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ ամերիկեան փաստաթուղթերու սպրդումին պատճառով յետաձգեց Իրանին իր հակադարձութիւնը»:

«Իսրայէլի` Իրանին իր պատասխանը ուշացնելուն պատճառը կարգ մը մարտավարութիւններ փոխելն է», ըսաւ աղբիւրը:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ օր խիստ գաղտնի փաստաթուղթեր հրապարակուած էին ընկերային ցանցերու վրայ, անոնց մէջ արբանեակային լուսանկարներ կային իսրայէլեան բանակի, զինամթերքի եւ վարժանքներու, ինչպէս նաեւ` Իրանին հասցուելիք հարուածի հաւանական հետեւանքներուն վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

ՊՐԻՔՍ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Աջակցած Են Պաքուի Մէջ ՔՈՓ29-ի Գումարման

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը Օժանդակութիւններ Տրամադրեց Պուրճ Համուտ Ապաստանած Տեղահանուածներու

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.