Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն 11-րդ Անգամ Ըլլալով Իսրայէլ Այցելեց

Հոկտեմբեր 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, 7 հոկտեմբեր 2023-ին «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն ի վեր 11-րդ անգամ ըլլալով այցելեց Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պլինքըն Նեթանիահուն քաջալերած է օգտուելու Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուարի սպանութենէն` զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան ուղղութեամբ աշխատելու, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցուցած է Կազա յաւելեալ մարդասիրական օգնութեան մուտքը արտօնելու:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը քննարկած է կարեւորութիւնը ուրուագծելու նոր ուղի մը դէպի յետհակամարտային ժամանակաշրջան մը, որ պաղեստինցիներուն կ՛արտօնէ վերականգնելու իրենց կեանքերը եւ Կազային կառավարում, անվտանգութիւն ու վերաշինութիւն կը տրամադրէ:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Պլինքըն եւ Նեթանիահու «նաեւ քննարկեցին Լիբանանը եւ ընթացող  բանակցութիւնները Կապոյտ գիծի երկայնքին դիւանագիտական լուծումի մը, որ կը ներառէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը եւ սահմանի երկու կողմերուն վրայ քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ»:

«Անոնք քննարկեցին Իրանէն եւ անոր գործակատարներէն յաւելեալ շրջանային յարձակում արգիլելու կարիքը, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր գործընկերներուն կողմէ ընթացող ջանքերը: Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու ամուր յանձնառութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Երուսաղէմի մէջ «հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Կազայի մէջ պատերազմին յաջորդող օրը, հիւսիսային ճակատն ու իրանեան սպառնալիքը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց. «Պլինքըն իսրայէլեան կողմին հետ կը քննարկէ Իրանի վերջին յարձակումին հակադարձելու կերպը»:

«Պլինքըն կը ծրագրէ աշխատանք տանիլ լիբանանեան բանակի ամրապնդման եւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ դիւանագիտական լուծումի հասնելու», նշեց օրաթերթը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» նաեւ աւելցուց. «Պլինքըն Ուաշինկթընի նախանձախնդրութիւնը կը յայտնէ, որ Իսրայէլի հակադարձութիւնը յաւելեալ մագլցումի չյանգեցնէ»:

Քաղաքական աղբիւր մը Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ գործելու ազատութեան շարունակման վրայ կը պնդէ»:

Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեց. «Հըզպալլայի` իբրեւ քաղաքական ու հասարակական շարժում քայքայումը իսրայէլեան պատերազմի նպատակներէն չէ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Պլինքըն այսօր Յորդանան պիտի այցելէ:

Պլինքըն Միջին Արեւելքի մէջ իր շրջապտոյտին ձեռնարկելէն առաջ յայտարարած էր, որ Իսրայէլ եւ շրջանին մէջ այլ երկիրներ պիտի այցելէ` քննարկելու համար Կազայի պատերազմին վերջ տալը, գերիները վերադարձնելն ու պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքը մեղմացնելը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին շրջապտոյտը մինչեւ ուրբաթ պիտի տեւէ:

 

Նախորդը

Մոլտովայի Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Սանտուն Յառաջատար Է, Իսկ Հանրաքուէի Քուէները Գրեթէ Հաւասար Բաժնուած Են

Յաջորդը

Ասքերով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Համար Հայաստանի Մէջ Պէտք Է Հանրաքուէ Կատարուի»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?