Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Չկրցաւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Անդամներ Ընտրել. Խորհրդարանի Դիւանը Ներկայ Յանձնախումբերու Աշխատանքը Երկարաձգեց

Հոկտեմբեր 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ առաւօտեան սահմանադրութեան 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին հիմամբ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 3-րդ յօդուածին հիմամբ հրաւիրած էր խորհրդարանական նիստի մը` խորհրդարանի դիւանի երկու անդամներ եւ երեք պատուիրակներ ընտրելու, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 19-րդ յօդուածին հիմամբ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամներ ընտրելու` նկատի ունենալով, որ 22 հոկտեմբերը յանձնախումբերու ընտրութեան ժամկէտն էր:

Նիստը չգումարուեցաւ օրինաթիւի չգոյացման պատճառով:

Խորհրդարանի դիւանը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին` հիմնուելով խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին, որդեգրուած նախադէպերու եւ դոկտ. Էտմոն Ռապպաթի իրաւական խորհրդատուութեան վրայ, որոշեց երկարաձգել խորհրդարանի ներկայ դիւանի եւ յանձնախումբերու աշխատանքը` մեկնելով մինչեւ նոր ընտրութիւններ պետական հաստատութիւններու աշխատանքի շարունակման կանոնէն:

Որոշումը հիմնուեցաւ 16 մարտ 1976-ի, 21 մարտ 1989-ի եւ 19 հոկտեմբեր 2019-ի նիստերու նախադէպերուն վրայ:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նիստ գումարելու փորձէն ետք յայտնեց. «Կը յուսանք, որ յաջորդ նիստը նախագահի ընտրութեան համար ըլլայ, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ երբ պատերազմը դադրի, նախագահի ընտրութեան նիստի հրաւէր պիտի ուղղուի»:

«Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի երէկուան այցելութենէն ի վեր ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին հիմամբ զինադադար հաստատելու եւ որոշումը բառացիօրէն գործադրելու լուրջ փորձ գոյութիւն ունի», ըսաւ Պու Սաապ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Երեսփոխանական պլոքներն ու երեսփոխանները, որոնք այսօրուան նիստին օրինաթիւի գոյացման չնպաստեցին, չվարուեցան լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ իրենց տրուած վստահութեան հիմամբ, անոնք զայն լքեցին ոչ թէ ճամբուն կիսուն, այլ սկիզբը: Եւ այս առումով պէտք է ողջունենք երեսփոխանական այն պլոքներն ու 49 երեսփոխանները, որոնք փորձեցին այսօրուան նիստին օրինաթիւ ապահովել»:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Ես Վճռական Եմ Իրագործելու Հիւսիսի Մէջ Նպատակներս, Եւ Բնակիչները Իրենց Տուները Պիտի Վերադառնան»

Յաջորդը

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Մտավախութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանի Մէջ Մօտալուտ Քաղաքացիական Պատերազմի Նկատմամբ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?