Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Պաշտօնապէս Հաստատեց Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Նահատակութիւնը

October 24, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թել Աւիւի հրթիռակոծումը Հըզպալլայի համար սովորական դարձաւ, կուսակցութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին հրթիռակոծեց Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող զինուորական հետախուզութեան թիւ 8200 միաւորի ռազմակայանը:

Հըզպալլա առաւօտեան ժամը 9:20-ին թիրախաւորեց Ըտէյսէ եւ Ռըպ Թլաթին գիւղերուն միջեւ հաւաքուած իսրայէլեան ուժը, ապա 10 վայրկեան ետք անգամ մը եւս հրթիռակոծեց նոյն վայրը:

Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Միսքաֆ Ամ-Ռըպ Թլաթին-Մարքապա եռանկիւնին վրայ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ Ըտէյսէի մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:

Կուսակցութիւնը նաեւ հրթիռակոծեց Ռըպ Թլաթին-Ըտէյսէ-Մարքապա եռանկիւնին վրայ հաւաքուած իսրայէլեան ուժը:

Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թիպէ-Ռըպ Թլաթին-Մարքապա եռանկիւնին վրայ Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Հըզպալլան մէկ օր առաջ իսրայէլեան ուժերուն դէմ 39 գործողութիւններ կատարած էր:

Իսրայէլեան բանակը Սուրի կարգ մը շրջաններու, մասնաւորաբար Հիրամ, Ժաաֆար Շարաֆէտտին, Ապու Տիպ եւ Ասար թաղամասերուն միջեւ գտնուող շէնքերու բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է լքեն իրենց տուները:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը Սուրի վրայ իրերայաջորդ յարձակումներու ձեռնարկեց:

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր իրերայաջորդ յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: «Պահման» հիւանդանոցը հսկայական վնասներ կրեց անոր մօտ ինկած հրթիռի մը պայթումին ուժգնութեան պատճառով:

Մասնաւորաբար իսրայէլեան օդուժի բուռն յարձակումներու թիրախն էր Հարաւային արուարձաններու «Ռայա» մարզադաշտին եւ «Քաէմ» համալիրի շրջակայքը:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց. «Անցնող երկու օրուան ընթացքին Հըզպալլայէն 70 զինեալներ, ներառեալ Ժըպշիթ, Ժուայա եւ Կանա շրջաններու հրամանատարները ոչնչացուցինք»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց. «Այժմ կրնամ հաստատել երեք շաբաթ առաջ բանակի Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի եւ Հըզպալլայի հետախուզութեան հրամանատար Ալի Հիւսէյն Հազիմէի` կուսակցութենէն այլ ղեկավարներու կողքին ոչնչացման լուրը»:

Ան նշեց, որ իսրայէլեան օդուժէն օդանաւեր զինուորական հետախուզութեան ցուցմունքով յարձակում գործած են Հըզպալլայի հետախուզութեան Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ գետնին տակ գտնուող կեդրոնատեղիին վրայ, ուր այդ ծառայութեան աւելի քան 25 անդամներ կը գտնուէին, ներառեալ օդի ճամբով հետախուզութեան ղեկավար Սայէպ Այաշն ու Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի հետախուզութեան ղեկավար Մահմուտ Մոհամետ Շահինը:

Հըզպալլան երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց, որ իր գործադիր մարմինի ղեկավար սէյիտ Հաշեմ Սաֆէտտինը նահատակուած է:

 

Նախորդը

Այսօր Փարիզի Մէջ Գումարուելիք Լիբանանի Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախօրեակին Մաքրոն-Միքաթի Հանդիպում

Յաջորդը

Ակնարկ. Յայտարարուող Ժամկէտներ, Շարժառիթներ Եւ Շահարկումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.