Հըզպալլա շաբաթ առաւօտեան Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքով ուղղակի կերպով հարուածեց Գալիլիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տունը:
Նեթանիահու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Հըզպալլան ամբաստանեց զինք մահափորձի ենթարկելու յանցանքով` նշելով, որ այդ փորձը «զիս եւ Իսրայէլը ետ պիտի չկանգնեցնէ ոտքի կանգնելու համար իր թշնամիներուն վրայ պատերազմը շարունակելէ… եւ պիտի իրագործենք պատերազմին մէջ մեր ճշդած բոլոր նպատակները, եւ սերունդներուն համար պիտի փոխենք մեր շրջանին մէջ ապահովական կացութիւնը»:
«Իրանցիներուն եւ չարիքի առանցքին մէջ անոնց գործընկերներուն կ՛ըսեմ, որ ան, որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վնաս կը պատճառէ, շատ սուղ գին պիտի վճարէ», աւելցուց Նեթանիահու` աւելցնելով, որ այդ յարձակումը գործողները «մեծ սխալ գործեցին»:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը նշեց, որ ան ու իր կինը յարձակումի ընթացքին իրենց տունը չէին գտնուեր, եւ դէպքին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն նիւթական վնասներու մասին որեւէ տեղեկութիւն չփոխանցեց:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նեթանիահուի տունը հարուածած եւ Պենիամինայի մէջ «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու ռազմակայանը հարուածած անօդաչու թռչող սարքերը նոյն տիպի էին:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յարձակումէն ետք յայտնեց. «Անկասկած, Հըզպալլայի կողմէ Նեթանիահուի մահափորձը իրանցիներուն կողմէ որոշուած էր, ուստի հակադարձութիւնը անպայման Լիբանանին պիտի չըլլայ»:
Դիւանագիտական աղբիւր մը «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին յայտնեց. «Իսրայէլ կը ծրագրէ հակադարձել Նեթանիահուի մահափորձին, եւ պատասխանատուն ի վերջոյ Իրանն է»:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մերձաւորները կը կարծեն, որ անոր դէմ մահափորձէն ետք պէտք է Իսրայէլի Իրանին հակադարձութիւնը աւելի կարծր ըլլայ»:
Աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հըզպալլան սուղ գին պիտի վճարէ Գալիլիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տան վրայ յարձակում գործելուն համար»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետին տան վրայ կատարուած յարձակումը յայտնեց. «Շատ վտանգաւոր հարց է, եւ իսրայէլացի ղեկավարներու դէմ մահափորձի նկատմամբ ձեռնածալ պիտի չմնանք»: Ան աւելցուց. «Իրան պէտք է իմանայ, որ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներուն գինը պիտի վճարէ»:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ Իրան յարձակումին հետ որեւէ կապ չունի: «Իրան նախապէս հակադարձեց սիոնական գոյացութեան, եւ Նեթանիահուի նստատեղիի թիրախաւորումը լիբանանեան Հըզպալլան կատարեց», նշեց պատուիրակութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Նեթանիահուին ամբաստանութիւնը, թէ իր դէմ մահափորձին ետին Իրանը կը կանգնի, սխալ է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Իրանի վրայ որեւէ յարձակում կը նշանակէ կարմիր գիծերու անցում, որ անպատասխան պիտի չձգենք»:
«Իրանեան թիրախներու կամ մեր հիւլէական կառոյցներուն վրայ որեւէ յարձակումի պիտի հակադարձենք», յայտարարեց Արաղչի` աւելցնելով. «Իսրայէլի մէջ բոլոր թիրախները ճշդեցինք, եւ եթէ մեր վրայ յարձակի, նոյնպիսի քայլով պիտի հակադարձենք եւ այդ թիրախները հրթիռակոծենք»:
«Եթէ շրջանին մէջ համապարփակ պատերազմ ծագի, Ուաշինկթըն անոր պիտի ներքաշուի, եւ մենք ատիկա չենք ուզեր», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը: