Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը: Հանդիպումին ներկայ Էր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի եւ վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մուհամետ Մաքքիէ:
Ապուլ Ղէյթ յայտնեց. «Միքաթին լսեց տեսակէտը Արաբական լիկային, որ առաւելագոյն պատասխանատուութեամբ կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին, լիբանանեան պետութեան ու լիբանանեան կառավարութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս զինադադարի հաստատման, իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանանի հողերէն հեռացման, Լիբանանի մէջ չմիջամտելու, անկանոն կռիւի գործողութիւնները դադրեցնելու եւ անմիջապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան վերադառնալու, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ հրապարակելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն որոշում մը, որ կը վերահաստատէ թիւ 1701 որոշումը եւ կը պահանջէ զայն իր բոլոր տարրերով ու առանցքներով անմիջապէս գործադրել»:
«Հարցը կը պահանջէ տեղահանուածներու հարաւ վերադարձը, եւ այդ մէկը անոնց արտօնել առանց Իսրայէլի միջամտութեան, հարցը նաեւ կը պահանջէ ստանալ Իսրայէլէն երաշխիքներ` դէմ չկենալու ու չյարձակելու լիբանանցի ժողովուրդի զաւակներուն վրայ եւ դադրեցնելու այս անկանոն սպանութիւնը:
«Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` տէր կանգնելու իր պատասխանատուութիւններուն եւ լայնածաւալ, ուժեղ ու անմիջական մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Լիբանանը չի կրնար այս տագնապին մէջ այսպէս ձգուիլ, եւ մենք մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներու կեանքի կորուստին համար», ըսաւ ան:
«Խօսեցայ ամերիկացի պատուիրակին եւ թուղթերուն մասին, որոնց մասին ան կը խօսի, ինչպէս նաեւ այն բանաձեւումներուն մասին, որոնց համար եկաւ: Ինծի յստակ դարձաւ, որ լիբանանեան ղեկավարութեան, ըլլայ այդ խորհրդարանի կամ կառավարութեան մէջ, յստակ ու դրական պատրաստակամութիւն մը կայ ամերիկեան փաստաթուղթին վրայ աշխատելու, եւ գոյութիւն ունի յոյս մը, որ Լիբանանի վերաբերեալ հարցերու, անոր դիմագրաւած սուր տագնապին մէջ, տեղաշարժ տեղի ունենայ», աւելցուց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
Ան նշեց, որ հարցերու լուծումը ժամանակի կը կարօտի` աւելցնելով, որ Միքաթիի հետ քննարկած է արաբական ծիրին մէջ դիւանագիտական քայլերու կարելիութիւնը, «եւ ես կը կարծեմ, որ մենք այս առնչութեամբ հասկացողութեան հասնելու եզրին ենք, որմէ ետք արաբական աշխարհի մեր եղբայրները տեղեակ կը պահենք»:
Ապուլ Ղէյթ նախքան այդ այցելած էր Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Ան հանդիպումէն ետք յայտարարած էր .«Պէտք է զինադադարը հաստատուի, Իսրայէլ հեռանայ լիբանանեան որեւէ հողէ, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը գործադրուի, եւ ես ընդգծեցի, որ պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ աշխատանք տանիլ նախագահի ընտրութեան ուղղութեամբ, որովհետեւ համաձայնական նախագահը պիտի յանգեցնէ լիբանանեան պետութեան վարկի վերականգնման եւ Լիբանանը վերադարձնէ իր արաբական ու շրջանային դերի կատարման»: