Տեղահանուածները Կը Շտապեն Իրենց Բնակավայրերը Վերադառնալ
Հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի բնակիչները զինադադարի համաձայնութեան յայտարարութենէն եւ մասնաւորաբար ուժի մէջ մտնելէն ետք սկսան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Զանգուածային վերադարձի պատճառով Սայտայի մայրուղիի դէպի հարաւ տանող ճամբուն, Պեքայի միջազգային մայրուղիին եւ Հարաւային արուարձաններու մուտքերուն վրայ խճողումներ ստեղծուեցան: Ի տես անոնց շարժումին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «չուղղուելու դէպի գիւղեր, որոնց դատարկումը պահանջեցինք,...




















