Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Անհամբեր Կը Սպասենք Սէուտական Արաբիոյ Հետ Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Հասարակաց Շահերու Ամրապնդման»

January 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան ուժը:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին յայտնած է «Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կազայի մէջ հասարակաց շահերը ամրապնդելուն անհամբեր սպասելը», ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը արտայայտած «Սէուտական Արաբիոյ շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու համար թափուած ջանքերուն գծով»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նոր նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր պաշտօնին վրայ հաստատուելէ ետք լրագրողներուն յայտնած էր, թէ «ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ մեր ազգային շահերը ամրապնդել»` աւելցնելով. «Չենք կրնար առանց խաղաղութեան հզօր պետութիւն մը ըլլալ»:

«Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ գործնական եւ իրապաշտ», նշած էր Ռուպիօ:

«Կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, որովհետեւ ատիկա մեր ազգային շահերուն կը ծառայէ», ըսած էր ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը շեշտած էր. «Պիտի ջանանք տագնապները կանխարգիլել եւ անոնցմէ խուսափիլ, սակայն ոչ ի վնաս մեր ազգային շահերուն»:

Միւս կողմէ, Սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը հեռաձայնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ անոր հետ քննարկած «շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը»:

Պըն Սալման Թրամփի հետ քննարկած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հարցը:

Ան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած բարեփոխումներու կատարման ամերիկեան նոր վարչակազմի կարողութիւնը նշած է:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը Թրամփին յայտնած է, որ իր երկիրը կը փափաքի 600 միլիառ տոլարով ընդլայնել Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ներդրումները:

Թրամփ աւելի ուշ կատարուած յայտարարութեան մը մէջ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներու մէջ 500 միլիառ տոլարի ներդրում կատարէ:

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Պատրաստ Ենք Ամերիկայի Հետ Փոխադարձ Յարգանքի Վրայ Հիմնուած Երկխօսութեան»

Յաջորդը

Փեսքով. «Փութինն ու Փաշինեանը Վերջին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին Չեն Քննարկած ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի Մասնակցութեան Ապասառեցման Թեման»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.