Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Ոչ Ոքի Որեւէ Աթոռ Խոստացայ, Եւ Ելեւմուտքի Նախարարի Աթոռը Մնացեալ Աթոռներուն Նման Ոեւէ Մէկուն Մենաշնորհը Չէ»

January 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ երեկոյեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ընթանայ հաստատ քայլերով, եւ նախագահին հետ աշխատանք կը տանինք, որ աւելի չուշանայ: Կը վերահաստատեմ սկզբունքային յանձնառութիւնս, որ ճշդեցի առաջին խօսքիս մէջ, որ էր եւ կը մնայ քոթաներու դէմ»:

«Կառավարութիւնը այսօր կ՛ուզեմ նախքան վաղը, ինչպէս նաեւ կը հաստատեմ, որ յանձնառու եմ կառավարութիւնը կազմելու սահմանադրական մեքանիզմին համաձայն, եւ թերեւս աշխատանքային նոր ոճ կը նշմարէք, սակայն պէտք է սորվինք սահմանադրութիւնը ամբողջական կերպով յարգել», աւելցուց Սալամ:

«Առաքելութիւնը մեծ է, եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը երկար ժամանակ պիտի չտեւէ: Աշխատանք կը տանինք, որ աւելի չուշանայ, եւ այս առումով ամէն ինչ որ ըսուեցաւ տարաձայնութիւն է», նշեց նշանակեալ վարչապետը:

«Մեր ուզած կառավարութիւնը բարեկարգումի կառավարութիւն է եւ հաւատարիմ լիբանանցիներուն ձգտումներուն, եւ նախկին կառավարութեանց նման ամիսներ պիտի չտեւէ անոր կազմութիւնը. անհամբեր կը սպասենք կարելի եղածին չափ արագ կառավարութեան կազմութեան, այդ հոլովոյթը նախկինին պէս ամիսներ պիտի չտեւէ», ըսաւ ան:

«Մեքանիզմ գոյութիւն ունի, եւ պարտականութիւնս կառավարութեան կազմութիւնն է: Ես կապի մէջ եմ պլոքներու հետ եւ անոնց հետ կը խորհրդակցիմ, սակայն ես եմ, որ զայն կը կազմեմ եւ «Լիպան Փոսթ» չեմ: Ոչ ոքի որեւէ աթոռ խոստացայ, եւ ելեւմուտքի նախարարի աթոռը մնացեալ աթոռներուն նման ոեւէ մէկուն մենաշնորհը չէ, եւ զայն որեւէ համայնքի յանձնելը արգիլուած չէ», ընդգծեց Սալամ:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար. «Մտադիր Եմ Այս Շաբաթ Լիբանան Այցելել»

Յաջորդը

Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Զինադադարի Համաձայնութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Իսրայէլի Հեռացման»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.