Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերցոկ. «Թրամփի Վարչակազմին Հետ Կը Քննարկենք Լիբանանէն Հեռացման Պայմանաժամի Երկարաձգումը Եւ Կը Կարծենք, Թէ Փոխհասկացողութեան Պիտի Հասնինք»

Յունուար 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի պաշտօնաւարտ դեսպան Մայքըլ Հերցոկ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ կը քննարկենք երկարաձգումը Լիբանանէն հեռացման պայմանաժամին, որ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ որոշուած է յառաջիկայ կիրակի օր»:

«Կը կարծեմ փոխհասկացողութեան պիտի հասնինք», աւելցուց Իսրայէլի դեսպանը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփի վարչակազմէն խնդրած է համաձայն գտնուիլ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման հինգ առջեւի դիրքերու պահպանման:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներու համաձայն, բնակեցման ռազմավարական այդ հինգ կէտերը հիւսիսային Իսրայէլի եւ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն միջեւ պատուար են:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Թել Աւիւ իր այդ պահանջը արդարացնելու համար կը պնդէ, որ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ չկիրարկուեցաւ, եւ լիբանանեան բանակը շրջանին մէջ չտեղակայուեցաւ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը կը նշէ, թէ ապահովական մարմիններու նկատառելի թիւով անդամներ Նեթանիահուին նման այն կարծիքին են, որ պէտք է հարաւային Լիբանանի մէջ մնալ, սակայն միայն այն պայմանով, որ Թրամփի վարչակազմը համաձայն ըլլայ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է. «Իսրայէլ Ուաշինկթընէն խնդրեց իր ուժերու հարաւային Լիբանանէն հեռացման պայմանաժամը 30 օր երկարաձգել»:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ Նեթանիահու ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչի ճնշումներուն պատճառով կը փորձէ յետաձգել Լիբանանէն իսրայէլեան հեռացման գործադրութիւնը:

Իսրայէլացի ապահովական պատասխանատուներ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի հետ զինադադարի համաձայնութիւնը չյարգելը պատերազմի ձեռքբերումները կը վտանգէ եւ Հըզպալլան իր ուժերու վերականգնման կը մղէ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց. «7-րդ զօրամասի ուժերը` 91-րդ ջոկատի ղեկավարութեամբ, կը շարունակեն հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքները` պաշտպանելու համար Իսրայէլի անվտանգութիւնը»:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ պնդեց, թէ կը գործէ «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ փոխըմբռնումներուն համաձայն` պահպանելով զինադադարի պայմանները»:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Պէտք Է Աջակցինք Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձին» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերու Յանձնակատարը

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պըն Ֆարհան. «Սէուտական Արաբիան Լաւատեսութեամբ Կը Դիտէ Լիբանանի Ապագան»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?