Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պիտի Հաստատեն, Եթէ Փութին Ուքրանիոյ Հարցով Չբանակցի»

January 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, ամենայն հաւանականութեամբ, Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրաժարի Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Թրամփ 21 յունուարին նման յայտարարութիւն կատարած է:

Թրամփ հաւանական լրացուցիչ պատժամիջոցներու մասին մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած: Միացեալ Նահանգները միշտ ալ պատժամիջոցներ հաստատած են Ռուսիոյ դէմ փետրուար 2022-ին Ուքրանիա ներխուժելէն ի վեր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ իրենք կը դիտարկեն Ուքրանիոյ զէնք վաճառելու կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ իր կարծիքով` Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի շատ օգնութիւն ցուցաբերէ Ուքրանիոյ:

«Մենք կը խօսինք Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ եւ շատ շուտով պիտի խօսինք նախագահ Փութինի հետ», ըսած է Տանըլտ Թրամփ:

Նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն քանի մը ժամ ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Թրամփ ըսած էր, որ Փութին կը կործանէ Ռուսիան, Ռուսիան տկարացած է Ուքրանիա ներխուժման հետեւանքով, եւ Փութինի գործերը այնքան ալ լաւ չեն:

Ըստ արեւմտեան մեկնաբաններու, ասոնք Փութինի հասցէին Թրամփի ամէնէն ուժեղ քննադատական յայտարարութիւններն էին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը 21 յունուարին յայտնեց, որ յառաջատար երեք ընկերութիւններ` «Օփըն Ի.Էյ.», «Սոֆթ Պանք» եւ «Օրաքլ» պիտի կազմեն «Սթարկէյթ» կոչուած միացեալ ծրագիր մը` արհեստական բանականութեան ենթակառոյցին մէջ 500 միլիառ տոլար ներդրումի նախագիծով:

 

Նախորդը

Ալիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Շոլց. «Գերմանիան Կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան Հաստատման Ջանքերուն»

Յաջորդը

Բրիտանիան Իր Քաղաքացիներուն Խորհուրդ Կու Տայ Խուսափելու Դէպի Հայ-Ազրպէյճանական Արեւելեան Սահման Ճամբորդելէ

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.