Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Պիտի Փորձեմ Վերջ Տալ Ուքրանիոյ Պատերազմին»

Յունուար 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահի պաշտօնին վրայ իր առաջին օրը շարք մը հրամանագիրներ ու ցուցմունքներ հրապարակեց:

Ան ստորագրեց հրամանագիր մը` ջնջելու իր նախորդին` դեմոկրատական Ճօ Պայտընի կողմէ որդեգրուած 78 որոշումներ: Ան նաեւ պարտադրեց «կարգաւորիչ դադրեցում» մը` դաշնակցային գործակալութիւններուն արգիլելով նոր կանոնակարգեր հրապարակել, մինչեւ որ նոր վարչակազմը կարենայ ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել կառավարութեան աշխատանքը:

Թրամփ հրապարակեց հրամանագիր մը անմիջապէս դաշնակցային պաշտօնեաները լիաժամ աշխատանքով վերադարձնելու գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ հրամանագիր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն ցուցմունք կու տայ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութենէն դուրս գալու` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ին շատ աւելի կը վճարէ, քան Չինաստանը, եւ աւելցնելով. «Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը մեզ խաբեց»:

Ան նաեւ երկրորդ անգամ ըլլալով ստորագրեց Միացեալ Նահանգներու Փարիզի կենսոլորտի համաձայնագիրէն դուրս գալու հրամանագիր մը: Ատկէ ետք ստորագրեց ՄԱԿ-ին ուղղուած պաշտօնական նամակ մը` տեղեկացնելու համար, որ իր երկիրը մտադիր է դուրս գալ 2015 թուականին ստորագրուած համաձայնագիրէն, որ կը ձգտի կենսոլորտի փոփոխութեան պատճառ դարձող ջերուցիչ կազերու արտանետումը նուազեցնել:

Թրամփ ստորագրեց հրամանագիր մը «ԹիքԹոք»-ին արտօնելով 75 օր հասանելի մնալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մինչեւ որ երեւան գայ ամերիկացի գնող մը, որ պատրաստ է յաւելուածին սեփականատէր չինական ընկերութեան բաժնետոմսերուն 50 առ հարիւրը գնել, այլապէս անիկա պիտի արգիլուի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիմամբ ամերիկեան արտաքին օժանդակութիւնները 90 օրով պիտի դադրեցուին, մինչեւ վերատեսութիւն տեղի ունենայ ճշդելու համար, եթէ անոնք Թրամփի քաղաքականութեան համահունչ են:

Թրամփ ներում շնորհեց շուրջ 1500 անձերու, որոնք 6 յունուար 2021-ին ներխուժած էին Քոնկրեսի շէնք` օրէնսդիրներուն արգիլելու համար ստորագրել 2020-ի նախագահական ընտրութեան մէջ իր պարտութիւնը հաստատող փաստաթուղթը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սպիտակ տան մէջ հրամանագիրները ստորագրելու արարողութեան ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում պիտի ունենամ»` նշելով, որ «շատ շուտով» պիտի կարենայ անոր հետ խօսիլ:

Թրամփ նաեւ շեշտեց. «Պիտի փորձեմ կարելի եղածին չափ շուտ վերջ տալ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կ՛ուզէ համաձայնութեան հասնիլ»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփը նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` յայտնելով, որ անհամբեր կը սպասէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման:

Շարհ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով աւելցուց, որ վստահութիւն գոյութիւն ունի, որ Թրամփ այն ղեկավարն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ եւ շրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնէ:

Մեքսիքայի նախագահ Քլոտիա Շինպաում իր կարգին շնորհաւորեց Թրամփը` կոչ ուղղելով երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան: «Իբրեւ դրացիներ եւ առեւտրական գործընկերներ, երկխօսութիւնը, յարգանքն ու գործակցութիւնը պիտի մնան մեր յարաբերութիւններուն խորհրդանիշը», նշեց ան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Թրամփը շնորհաւորելով յայտնեց. «Պատրաստ եմ ձեր նստաշրջանի ընթացքին ձեզի հետ աշխատելու, միջազգային օրինականութեան վրայ յենելով երկու պետութիւններ լուծումին հիմամբ մեր շրջանին ու աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար»:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Նոր Արտաքին Գործոց Նախարարի Նշանակումը Թուրքիոյ Մէջ Մտահոգութիւն Յառաջացուցած Է

Յաջորդը

Օվերչուք. «Մոսկուան Եւրոպական Միութեան Միանալու Հոլովոյթ Սկսելու Երեւանի Որոշումը Կը Դիտարկէ Իբրեւ ԵԱՏՄ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Սկիզբ»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?