Գլխաւոր լուրեր

Սուրիահայութիւնը Առանձին Չէ

Սուրիահայութիւնը Առանձին Չէ

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Սուրիահայութիւնը առանձին չէ։ Իր տագնապները մեր տագնապներն են։ Իր կողքին է ողջ հայութիւնը։ Արդ՝ պարտինք Սուրիահայութեան համար բոլորով ընել առաւելագոյն կարելին եւ հասնիլ օգնութեան, որպէսզի այնտեղի հայատրոփ համայնքները մնան անվտանգ, պինդ, նպատակասլաց, աշխոյժ եւ համահայկական կեանքէն ներս առանցքային դերակատարութեան վրայ։  

Սիրոյ Ու Զօրակցութեան Հայրական Պատգամ Հալէպի Հայութեան

Սիրոյ Ու Զօրակցութեան Հայրական Պատգամ Հալէպի Հայութեան

Անթիլիասի մայրավանքէն հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները: Դարձեալ տագնապի մէջ է Հալէպը: Անցնող տասնամեակներու ընթացքին զանազան տագնապներ հարուածեցին Միջին Արեւելքի մշակոյթներու, կրօններու ու ազգերու համակեցութեան այս պատմական քաղաքը: Հալէպի հայութիւնը եւս ապրեցաւ բոլոր տագնապներուն ծանր հետեւանքները: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է Հալէպը` տնտեսական, մշակութային, կրօնական ու ազգային իմաստով: Իր եկեղեցիներով,...

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական  Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին  Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ  Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

Բագրատունի. «9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Համար Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն: Բագրատունի յայտնեց, թէ Լիբանանի մէջ զինադադարը միայն միակողմանի կերպով գործադրուեցաւ, եւ այդ համաձայնութեան երաշխաւոր պետութիւնները չմեկնաբանեցին այդ իրողութիւնը, եւ ուշադրութեան արժանին այն է, որ իսրայէլացի բնակեցուածները տակաւին հիւսիս չվերադարձան: «Պէտք է վերատեսութեան ենթարկել համաձայնութեան գործադրութեան կերպը,...

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Համայի  Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Մղել Զինեալ  Ընդդիմութեան Յարձակումները

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Համայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Ետ Մղել Զինեալ Ընդդիմութեան Յարձակումները

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակն ու օժանդակ ուժերը Համայի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ ետ մղած են Ալֆան Ալուասթանի գիւղին վրայ զինեալ խմբաւորումներու բուռն յարձակումը: Սուրիական եւ ռուսական օդուժները երէկ արշալոյսին Իտլիպի գիւղական շրջանի Խան Շէյխուն քաղաքին մէջ երկու օդային յարձակումներ գործած են զինեալ խմբաւորումներու մէկ կարաւանին վրայ: Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ օդային յարձակումները կեդրոնացան Խան Շէյխուն...

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի  Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Թեհրան. «Սուրիոյ Հարցով Ասթանայի Համաձայնութիւնը Տակաւին Բոլոր Կողմերուն Համար Ի Զօրու Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի յայտնեց. «Ասթանայի համաձայնութիւնը տակաւին ի զօրու է, եւ Իրան համաձայնութեան հսկող մնացեալ պետութիւններուն հետ կը բաժնէ այս պատկերացումը»: Պաքայի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն ետք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործունէութիւնը պատահական չէ եւ ի շահ սիոնական գոյացութեան է»: «(Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս) Արաղչիի Սուրիա այցելութեան նպատակը Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել  Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Իսրայէլ երէկ շարունակեց խախտել զինադադարի համաձայնութիւնը` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի սահմանային գիւղերը, ինչպէս նաեւ Պեքան: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց հիւսիսային Լիբանանի Հերմել գաւառի Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղին մէջ բանակի մէկ կեդրոնին մօտ դիրքի ամրապնդման աշխատանք տանող քարշակը, այս պատճառով ալ լիբանանեան բանակէն զինուոր մը վիրաւորուեցաւ: Հարաւային Լիբանանի մէջ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը...

Ակնարկ.   Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ

Ակնարկ. Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ

Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ռազմական իրադարձութիւններուն հիմնական շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային գնահատականներ տալը վաղաժամ է տակաւին։ Իրադարձութիւնները որոշ տեղեր իրար կը հակասեն եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ եզրայանգումներ կատարելը կը դժուարացնեն։ Կը թուի սակայն, որ քաղաքական համալիրի մը մէկ մասնաշէնքին կառուցումն է, որ կ՛արձանագրուի, որուն յաջորդող գործողութիւնները տակաւին պարզ չեն։ Ի՞նչ երեւոյթներ եւ փաստեր կարելի է արձանագրել օրերու վրայ երկարող այս իրադարձութիւններէն...

Սուրիոյ Մէջ Զարգացումներուն Նկատմամբ  Միջազգային Արձագանգներ

Սուրիական Բանակը Կ՛ամրապնդէ Հիւսիսային Համայի Մէջ Իր Դիրքերը

Սուրիական բանակը շաբաթ գիշեր ամրապնդեց Համայի հիւսիսային գիւղերու ուղղութեամբ իր պաշտպանական դիրքերը եւ դէմ դրաւ զինեալ խմբաւորումներուն` արգելք հանդիսանալով, որ անոնք որեւէ ճեղքում կատարեն: Այս մասին հաղորդեց Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով սուրիական զինուորական աղբիւրի մը: Ըստ աղբիւրին, սուրիական բանակը վերատիրացած է շարք մը շրջաններու, որոնցմէ են Քալաաթ Մատիքն ու Մհարտեսը: «Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական եւ...

Եւրոպական Միութեան Նոր Ղեկավարները  Քիեւ Հասնելով Կը Յայտարարեն.  «Եւրոպական Միութիւնը Կը Ցանկայ, Որ Ուքրանիան  Յաղթէ, Եւ Ատոր Համար Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ»

Եւրոպական Միութեան Նոր Ղեկավարները Քիեւ Հասնելով Կը Յայտարարեն. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Ցանկայ, Որ Ուքրանիան Յաղթէ, Եւ Ատոր Համար Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ»

Եւրոպական Միութեան նոր ղեկավարները հասած են Քիեւ, ուր յայտարարած են, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը ցանկայ, որ Ուքրանիան այս պատերազմին յաղթէ, եւ ատոր համար կարելի ամէն բան պիտի ընէ: Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան նոր ղեկավարները խորհրդանշական այցելութեամբ Ուքրանիոյ մայրաքաղաք հասած են իրենց պաշտօնները ստանձնելէ անմիջապէս ետք: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշթա, որ փոխարինած է Շարլ...

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի  Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

Ֆրանսա Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Տապալումէն Կը Զգուշացնէ

Ֆրանսա զգուշացուց Իսրայէլը Լիբանանի մէջ զինադադարի տապալումէն, մինչ վերջինս կը շարունակէ խախտել զինադադարի համաձայնութեան կէտերն ու Լիբանանի օդային տարածքը: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, ֆրանսացիները Իսրայէլին յայտնած են. «Իսրայէլի կողմէ զինադադարի 62 խախտում կատարուեցաւ, առանց մեքանիզմէն անցնելու, ինչ որ պատճառ դարձաւ լիբանանցի երեք քաղաքացիներու սպանութեան»: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը վերսկսած են ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ կատարել մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ: Ֆրանսացիները...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն։ Մեր մտահոգութեան եւ ուշադրութեան հիմնական կեդրոնը յատկապէս Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ տարածքին հայ համայնքին անվտանգութիւնը ապահովելն ու առօրեայ տանելի պայմաններ ստեղծելն է։ Այս նպատակով Հ.Յ.Դ. Բիւրոն մշտական կապի մէջ է համայնքին տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց առաւելագոյնը կ՚ընեն այս ուղղութեամբ։ Նոյն նպատակով կապի մէջ...

Հալէպի  Եւ Իտլիպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Բուռն Բախումներ` Սուրիական Բանակին Եւ Զինեալ Խմբաւորումներու Միջեւ

Հալէպի Եւ Իտլիպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Բուռն Բախումներ` Սուրիական Բանակին Եւ Զինեալ Խմբաւորումներու Միջեւ

Սուրիական բանակը յաջողեցաւ ձախողութեան մատնել Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններուն մէջ զինեալ խմբաւորումներուն յարձակումները եւ հակայարձակում շղթայազերծեց այն կէտերուն դէմ, որոնք զինեալները անցնող երկու օրուան ընթացքին յաջողած էին գրաւել: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք»-ը: «Սփութնիք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակի մասնայատուկ ուժերը ամրապնդած են Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանի ճակատը, ուր զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Նախքան այդ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը,...

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքերը Կը Շարունակուին.  Իսրայէլեան Բանակը 2-րդ Օրն Ըլլալով Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Բնակիչները Կը Զգուշացնէ Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքերը Կը Շարունակուին. Իսրայէլեան Բանակը 2-րդ Օրն Ըլլալով Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Բնակիչները Կը Զգուշացնէ Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

Իսրայէլեան բանակը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղերու բնակիչները զգուշացուց ցնոր տնօրինութիւն Շեպաա, Հպարիէ, Մարժաայուն, Առնուն, Եոհմոր, Քնէյթրա, Շաքրա, Պարաաշիթ, Եաթեր, Մանսուրի գիծէն ու մերձակայքէն հարաւ չուղղուիլ: Իսրայէլեան բանակը թելադրեց «չվերադառնալ հետեւեալ գիւղեր` Տհէյրա, Թիպէ, Թիրի, Նաքուրա, Ապու Շաշ, Ըպըլ Սաքքա, Պայատա, Ժըպպին, Խրէյպէ, Խիամ, Խըրպէ, Մաթմուրա, Մարի, Ըտէյսէ, Քլէյաա, Ըմ Թութէ, Սալիպ, Առնուն, Պընթ Ժպէյլ, Պէյթ Լիֆ, Պլիտա,...

Շէյխ Քասեմ. «2006 Թուականի Յաղթանակէն Աւելի Մեծ Յաղթանակի Առջեւ Կանգնած Ենք»

Շէյխ Քասեմ. «2006 Թուականի Յաղթանակէն Աւելի Մեծ Յաղթանակի Առջեւ Կանգնած Ենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Երբ մենք թիկունք կանգնելու ճակատ բացինք, կրկնեցինք, թէ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն կ՛ուզենք Կազային թիկունք կանգնիլ, եւ պատրաստ ենք պատերազմին, եթէ իսրայէլացի թշնամին զայն մեզի պարտադրէ»: «Դիմադրութիւնը պատերազմին մէջ փաստեց, որ պատրաստ է, եւ նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի դրած ծրագիրները ազդու են, եւ նկատի կ՛ունենան բոլոր...

Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»

Պըրրի. «Նախագահական Աթոռի Թափուր Վիճակին Վերջ Տալը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է Եւ Իմ Առաջնահերթութիւնս Է»

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց 9 յունուար 2025-ին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստի` նշելով, որ անիկա արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ ինք Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները պիտի հրաւիրէ` ներկայ գտնուելու նախագահի ընտրութեան նշեալ նիստին: Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ զինադադարի հաստատումէն ետք իր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը: Ան շեշտեց, որ նախագահի...

Այսրյորդանանի Մէջ Արըիլ Բնակեցման Վայրին Մօտ Կրակոց

Այսրյորդանանի Մէջ Արըիլ Բնակեցման Վայրին Մօտ Կրակոց

Իսրայէլեան շտապ օգնութիւնը յայտարարեց, որ 9 անձեր վիրաւորուած են, երբ Այսրյորդանանի Արըիլ բնակեցման վայրին մօտ փոխադրակառքի մը վրայ կրակ բացուած է: Շտապ օգնութիւնը կ՛աւելցնէ, որ վիրաւորներէն 3-ին վիճակը ծանր է, իսկ գործողութեան հեղինակը սպաննուած է: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ կրակոցի ենթարկուած փոխադրակառքը Թել Աւիւէն կու գար: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ վիրաւորներուն թիւը 5...

Ակնարկ.   Պաշտօնական Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնը Եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Հրապարակումը

Ակնարկ. Պաշտօնական Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնը Եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Հրապարակումը

Իսրայէլ-Լիբանան զինադուլի յայտարարութեան կէտերը պաշտօնապէս չեն հրապարակուած, սակայն լրատուամիջոցներ փաստաթուղթը գաղտնազերծած են եւ անոր հիմամբ վերլուծումներ կը ծաւալեն: Զինադուլի համաձայնութիւնը Իսրայէլ-Լիբանան ռազմագօտիին կը վերաբերի, սակայն անոր առիթով կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները աւելի հեռու կ՛երթան, ընդգծելու համար Միջին Արեւելքի մէջ ծրագրուող փոփոխութիւնները: Կեդրոնանանք Միացեալ Նահանգներու նախագահին  կատարած յայտարարութեան հիմնական առանցքներուն վրայ: Ամփոփենք` - Զինադուլի համաձայնութեան յանգելու մէջ Ուաշինկթընը համագործակցած է Փարիզի հետ:...

Պըրրի. «Այս Փուլին Ընթացքին Կարիքը Ունինք  Մոհամետ Մարգարէի Արժէքներուն Ծննդեան»

9 Յունուար 2025-ին` Նախագահի Ընտրութեան Նիստ

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի նիստի բացման ընթացքին 9 յունուար 2025-ին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստ յայտարարեց: Պըրրի աւելի ուշ մեկնաբանելով նախագահի ընտրութեան նիստը նշեց. «Նիստը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ, եւ մէկ ամսուան ժամանակ տուինք, որպէսզի իրարու միջեւ համաձայնինք, եւ դեսպանները պիտի հրաւիրեմ անոր ներկայ գտնուելու»: Խորհրդարանի նիստի բացման ներկայ էր Ֆրանսայի նախագահի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը, որ...

Լը Տրիան Քննարկեց Նախագահի Ընտրութեան Թղթածրարը

Լը Տրիան Քննարկեց Նախագահի Ընտրութեան Թղթածրարը

Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան երէկ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հէրվէ Մակրոյի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ խորհրդարանի նախագահի մամլոյ խորհրդատու Ալի Համտան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական վերջին զարգացումներն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ ընդհանուր կացութեան...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանի.  Լիբանանի Մէջ Համաձայնութեան Ճամբան Հարթած Ամերիկեան Փաստաթուղթը Գաղտնի Կէտեր Կը Բովանդակէ

Իսրայէլեան Բանակին Կողմէ Կրակոցի Դէպքեր. Իսրայէլեան Բանակը Հարաւային Լիբանանի Մէջ 10 Գիւղերու Բնակիչները Զգուշացուց Ցնոր Տնօրինութիւն Իրենց Տուները Վերադառնալէ

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ հարաւային Լիբանանի 10 գիւղերու բնակիչները զգուշացուց ցնոր տնօրինութիւն իրենց տուները վերադառնալէ: Ան արգիլեց Շեպաա, Հըպպարիէ, Մարժաայուն, Առնուն, Եըհմոր, Քնէյթրա, Շաքրա, Պարաաշիթ, Եաթեր եւ Մանսուրի գիւղեր ու անոնց մերձակայքը վերադառնալ: «Ներկայ փուլին ձեզի ցնոր տնօրինութիւն արգիլուած է այս գիծէն հարաւ գտնուող ձեր տուներ վերադառնալը», նշեց ան` աւելցնելով. «Այս գիծէն հարաւ ուղղուող ոեւէ անձ ինքզինք վտանգի...

Page 129 of 795 1 … 128 129 130 … 795

Արխիւներ