Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Զինադադարի Համաձայնութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Իսրայէլի Հեռացման»

January 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռոպլեսի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանան կառչած է 27 նոյեմբերին գոյացած համաձայնութեան մէջ ճշդուած ժամկէտին իր մնացեալ հողերէն իսրայէլեան բանակի հեռացումի ամբողջացման»:

«Իսրայէլի հեռանալու պայմանը չյարգելը կը խախտէ համաձայնութեան գոյացումէն առաջ Լիբանանի ներկայացուած երաշխիքները, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ կացութիւնը լարուած կը պահէ եւ արգելք կը հանդիսանայ կայունութեան հաստատման, բնակիչներու տունդարձին եւ կ՛արգելակէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումի ընթացքին իսրայէլացի թշնամիի քանդածին վերաշինութեան հոլովոյթը», նշեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, որ ինք շարք մը հաղորդակցութիւններ ունեցած է «Իսրայէլին հեռանալ ստիպելու համար» եւ դրական ընկալում ստացած է միջազգային ընտանիքէն, «որուն պետութիւնները պէտք է այդ ուղղութեամբ ճնշում բանեցնեն»:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց սպանացի նախարարին իր այցելութեան համար` դրուատելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասին դերակատարութիւնը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար Արոլտօ Լազարոյի իւրայատուկ ջանքերը, ինչպէս նաեւ ամբողջական համակարգումը միջազգային խաղաղապահ ուժերու գործողութիւններու շրջանին մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի միաւորներուն հետ:

Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը իր ընտրութեան առիթով եւ յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի անոր ջանքերուն` վերականգնելու համար Լիբանանը անոր անցած դժուար կացութիւններէն ետք:

«Սպանիան Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդի կողքին պիտի կանգնի եւ կը շարունակէ միջազգային ուժերուն ծիրին մէջ իր աշխատանքը», նշեց նախարար Ռոպլես:

«Պէտք է իսրայէլեան հեռացումը իրագործել ճշդուած ժամկէտին` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը եւ այն, ինչ որ այդ ուղղութեամբ իրագործուեցաւ», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ալեւի իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատտուրի, նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Ռապապ Սատըրի, Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի եւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայելի հետ:

 

Նախորդը

Սալամ. «Ոչ Ոքի Որեւէ Աթոռ Խոստացայ, Եւ Ելեւմուտքի Նախարարի Աթոռը Մնացեալ Աթոռներուն Նման Ոեւէ Մէկուն Մենաշնորհը Չէ»

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Լաւ Վարքագիծ Ձեւաւորել Երեխաներուն Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.