Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Պըն Ֆարհան. «Սէուտական Արաբիան Լաւատեսութեամբ Կը Դիտէ Լիբանանի Ապագան»

Յունուար 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը երէկ հասաւ Լիբանան: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` կայունութեան հաստատման կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն ունինք»:

«Թագաւորութիւնը նախագահին երդման արարողութենէն ետք ուղղած ուղերձին մէջ նշուած բարեկարգչական մօտեցումին լոյսին տակ լաւատեսութեամբ կը դիտէ Լիբանանի ապագան:

«Բարեկարգումներու գործադրումը պիտի ամրապնդէ Լիբանանի գործընկերներուն անոր նկատմամբ ունեցած վստահութիւնը եւ առիթ ընծայէ իր արաբական ու միջազգային շրջապատին մէջ իր բնական դիրքին վերատիրանալու:

«Լիբանանի նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձայ զինադադարի յարգման եւ իսրայէլեան ուժերու Լիբանանի հողերէն հեռացման կարեւորութեան», ըսաւ Պըն Ֆարհան:

Նախագահ Աուն յայտնեց. «Այցելութիւնը յոյսի պատգամ է, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի օգնելուն համար, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նախագահական աթոռի դատարկութեան վերջ տալուն»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները:

Պըն Ֆարհան երեկոյեան վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի նստաշրջանի սկիզբով եւ Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակումով յոյսով կը սպասենք Սէուտական Արաբիոյ Լիբանանին թիկունք կանգնելուն եւ  զարթօնքի ու առողջացման փուլի մէջ բոլոր ոլորտներուն մէջ անոր աջակցելուն»:

«Լիբանանն ու եղբայրական Սէուտական Արաբիան զիրար միացնող եղբայրական ամուր յարաբերութիւնները տարիներու ընթացքին աւելի խոր ու արմատացած դարձան, եւ թագաւորութիւնը միշտ Լիբանանի կողքին էր` իբրեւ թիկունք եւ անվտանգութեան պահապան, որ պահպանեց միասնականութիւնը լիբանանցիներուն, ինչ համայնքի, յարանուանութեան կամ քաղաքական խումբի ալ անոնք պատկանին», աւելցուց Միքաթի:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ այցելեց նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ շնորհաւորեց զինք` նշելով. «Սէուտական Արաբիան Լիբանանի կողքին կը կանգնի»:

Ան լիբանանցիները յորդորեց «գերագոյն շահը նեղ շահերէն գերակայ նկատելու եւ անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու»:

Սալամ իր կարգին շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի մը վերջին այցելութենէն 15 տարի ետք այս այցելութեան իմաստը:

«Լիբանանի համար արտակարգ առիթ գոյութիւն ունի, եւ նախագահին հետ ամբողջական գործակցութեամբ ատոր վրայ կ՛աշխատիմ», նշեց Սալամ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ վճռական է կատարելու պէտք եղած քաղաքական, արդարադատական, վարչական եւ ելեւմտական բարեկարգումները` յանձնառութիւն յայտնելով Լիբանանը իր արաբական բնական շրջապատ վերադարձնելու եւ վերականգնելու իր արաբ եղբայրներուն կողքին անոր դերը:

Նախորդը

Հերցոկ. «Թրամփի Վարչակազմին Հետ Կը Քննարկենք Լիբանանէն Հեռացման Պայմանաժամի Երկարաձգումը Եւ Կը Կարծենք, Թէ Փոխհասկացողութեան Պիտի Հասնինք»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 73-րդ Առցանց Լսարան. «Հարաւային Կովկասը Նախկին Ռազմավարական Նշանակութիւնը Չունի Անգարայի Համար» Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?