Մոսկուան հետաքրքրուած է անով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները չենթարկուին արտաշրջանային դերակատարներու բացասական ազդեցութեան: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ Մոսկուայի մէջ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Անոր համաձայն, այդ ուժերը չեն ուզեր, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
«Լիայոյս ենք, որ տարիներու ընթացքին կուտակուած փոխշահաւէտ երկկողմանի կապերու ամբողջ թղթածրարը պահանջարկ կ՛ունենայ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ», նշած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Հայաստանը բնական ռազմավարական գործընկեր է եւ դաշնակից, եւ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները:
Լաւրով անդրադարձած է Հայաստանի հետ տարբեր հարթակներու վրայ եւ ձեւաչափերով համագործակցութեան. «Շրջանային անվտանգութիւնը էական դեր կը խաղայ Հարաւային Կովկասի ուղղութեամբ մեր գործողութիւններուն մէջ: Մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով` զարգացնելու այն եռակողմ համաձայնութիւնները, որոնք 2020-ին եւ 2022-ին ձեռք բերուած են երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ», ըսած է նախարար:
Ան ընդգծած է, որ Մոսկուայի տեսանկիւնէն «այդ համաձայնութիւնները նախկինին պէս արդիական են, յատկապէս` շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան լոյսին տակ»:
«Ես չեմ գիտեր երկիր մը, որուն հետ յարաբերութիւնները պարզ ըլլան: Որքան մօտ են երկիրներն ու ժողովուրդները, այնքան փոխադարձ ազդեցութիւնները հարուստ են, որքան շատ են իրադարձութիւնները, այնքան շատ են գործնական խնդիրները: Կան նաեւ քաղաքական բնոյթի հարցեր, որոնք, ինծի կը թուին, միտումնաւոր սրած են մեր յարաբերութիւններուն մէջ որոշ շրջանակներու կողմէ», նշած է Լաւրով` աւելցնելով, որ նոյն բանի մասին խօսած են երկու երկիրներու ղեկավարները:
Նախարարը նշած է, որ իր հայ պաշտօնակիցին հետ համաձայնած է այսուհետեւ բաց եւ ազնիւ խօսիլ իրարու հետ` զիրենք յուզող բոլոր հարցերուն մասին եւ փորձել քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի լրատուամիջոցներու տարածքը չօգտագործուի չարակամ երկիրներու կողմէ` բնական աշխատանքային յարաբերութիւնները բարդի վերածելու համար:
Պատասխանելով Մոսկուայի եւ Պաքուի մօտեցումներու համընկնումին մասին հարցումին` Լաւրով յայտնած է. «Ես չեմ հասկնար, թէ ինչի՞ հիման վրայ եկած էք այն եզրակացութեան, որ մեր դիրքորոշումը կը համընկնի Ազրպէյճանի դիրքորոշումին հետ այն հարցի ծիրին մէջ, որ մենք խնդիրներ ունինք Հայաստանի հետ: Կը ստացուի, որ Հարաւային Կովկասի եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ, ձեր հարցումէն մեկնելով, մենք մէկ կողմը կը բռնենք: Ասիկա սխալ է: Մենք գործ ունինք այնպիսի հարցերու հետ, որոնք, մեր կարծիքով, շատ ու շատ հրատապ են` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը` հիմնուած խաղաղութեան եւ բարի դրացիութեան մէջ ապրող մեր եղբայրական ժողովուրդներուն հանդէպ մեր խոր հետաքրքրութեան վրայ:
«Մենք ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունինք թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ ազրպէյճանական կողմերուն հետ: Եւ մենք ատոր մէջ շահագրգռուած ենք` ի տարբերութիւն Հարաւային Կովկասէն հեռու գտնուող երկիրներու, որոնք բոլորովին այլ օրակարգ յառաջ կը տանին` նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ երկար պահպանել շրջանին մէջ լարուածութիւնը` յուսալով, որ այդ լարուածութեան ծիրին մէջ իրենք պիտի կարենան աւելի արդիւնաւէտ կերպով յառաջ տանիլ իրենց աշխարհաքաղաքական շահերը:
«Ռուսիան կ՛առաջնորդուի այն համաձայնութիւններով, որոնք Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեամբ ձեռք բերուած են եռակողմ ձեւաչափով` մեր ղեկավարներուն մակարդակով 2020-2022 թուականներուն: Կնքուեցաւ եռակողմ համաձայնագիրներու մէջ ամբողջ շարք մը ընդհանուր կարգաւորման, խաղաղութեան պայմանագիրի, տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերու շուրջ: Մենք կը մասնակցինք այդ աշխատանքին այն մակարդակով, որուն մեր մասնակցութիւնը կը պահանջեն Երեւանն ու Պաքուն, ոչ աւելի, ոչ պակաս», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ան ըսաւ, որ մտադիր է օգտուիլ Միրզոյեանի հրաւէրէն եւ այցելել Երեւան:
Լաւրով նաեւ յայտարարեց, որ կը նախապատրաստուի Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի այցելութիւնը Հայաստան: Անոր համաձայն, ռուսական կողմը յոյս ունի, որ ռուս-հայկական 10-րդ միջշրջանային խորհրդաժողովը պիտի համընկնի այցելութեան հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Ռուսիոյ հետ արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութեամբ եւ յոյս յայտնած, որ Ռուսիան հետագային հաշուի կ՛առնէ կատարուող բոլոր երեւոյթները` խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններէն:
«Այցելութիւնս բաւական արդիական է մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքի լոյսին տակ: Կը կարծեմ, որ այս այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է քննարկելու երկկողմանի համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ միտքերու հանգամանալից փոխանակում կատարելու համար:
«Հայաստանը մշտապէս հաւատարիմ եղած է բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբունքին: Եւ յոյսով ենք` ռուսական կողմը հետագային հաշուի կ՛առնէ կատարուող բոլոր երեւոյթները` խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններէ, որոնք, ցաւօք, տեսած ենք վերջին շրջանին», ըսած է Միրզոյեան:
«Երեւան մտադիր է Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը շարունակել: Երեւան կը փորձէ ըմբռնումով մօտենալ Ռուսիոյ շահերուն, եւ կայ ցանկութիւն ու ըմբռնում, որ ռուսական կողմն ալ միջազգային հարթակներու վրայ հաշուի առնէ Հայաստանի շահերը` խուսափելով միակողմանի գնահատականներէն», յայտարարած է Միրզոյեան:
Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ Հայաստանը մտադիր է փոխշահաւէտ եւ գործնական համագործակցութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ գերիշխանութեան յարգման, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու շահերուն:
«Հարաւային Կովկասի տնտեսական գրաւչութեան բարձրացման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան վճռական տրամադրութեան ծիրին մէջ ուրախ եմ վերահաստատել շրջանային բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու ապաշրջափակման Հայաստանի տեսլականը, որուն իրականացումը կը նախատեսուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի ծիրին մէջ», աւելցուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը: