Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունը

January 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 20 յունուար 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, 18 միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը, այցելեց նախագահական ապարանք` յանուն Լիբանանի հայ առաքելական համայնքին իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնելու Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունին: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:

Ողջունելով նախագահ Աունի ընտրութիւնը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ անոր ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի կեանքին մէջ: «Ընտրութենէն անմիջապէս ետք ձեր արտասանած խօսքը յստակօրէն կը պարզէ ձեր տեսլականն ու յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ. իմաստուն ու քաջ կեցուածք մը, որ յոյս կը ներշնչէ ժողովուրդին», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցնելով ըսաւ, թէ «Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնը պէտք է դառնայ Լիբանանի փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը պատրաստ է գործնապէս մասնակից դառնալու այդ առաքելութեան:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նախագահին ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` ներքին ու թեմական կառոյցներով:

Խօսք առնելով նախագահ Աուն` շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ հայ համայնքին` իր նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն ու բարեմաղթութիւններուն համար: Մեծապէս կարեւոր նկատեց հայ համայնքին մասնակցութիւնը թէ՛ կազմուելիք կառավարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն` շեշտելով բոլոր համայնքներուն միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի բարգաւաճում:

Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը Բարձր Բերդի աւետարանին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահ Աունին: Հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը եւ երեսփոխան Բագրատունի առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցան նախագահին հետ` կազմութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր կառավարութեան գծով:

 

 

Նախորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Նախագահական Պալատ

Յաջորդը

Խմբագրական. Քաղաքականի Եւ Փորձագիտականի Համատեղման Միտումներ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.