Այցելելէ Ետք Պաապտայի Պալատ. Միքաթի. «Գոյութիւն Ունին Սահմանադրական Քայլեր` Կազմելու Համար Կառավարութիւն Մը, Որ Կարող Է Գործադրել Նախագահ Աունի Երէկ Բացատրած Ուղղուածութիւնը»
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աունի հետ խօսեցայ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան եւ իսրայէլեան թշնամիի ամբողջական հեռացման ու Լիբանանի դէմ ոտնձգութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին»: «Նախագահ Աուն կառավարութենէն խնդրեց շարունակել ընթացիկ աշխատանքները` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը», ըսաւ Միքաթի` նշելով. «Գոյութիւն ունին սահմանադրական քայլեր`...




















