Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երկուշաբթի գիշեր ժամը 10:30-ին Ռիատի Եամամա պալատին մէջ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ սէուտական պատուիրակութիւններուն:
«Այս բանակցութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու ծիրին մէջ են եւ ճամբան կը հարթեն մօտ օրէն նախագահ Աունի Սէուտական Արաբիա հետագայ այցելութեան ընթացքին տարբեր ոլորտներու մէջ համաձայնութիւններու ստորագրման», նշեց նախագահական պալատը:
Ընդլայնուած նիստէն ետք նախագահ Աուն ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը ունեցած են 45 վայրկեան տեւողութեամբ առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին շարունակած են քննարկումը այն նիւթերուն, որոնք կը հետաքրքրեն եղբայրական երկու պետութիւններն ու ժողովուրդները:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աունն ու անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պըն Սալմանի ընթրիքի հիւրը եղած են:
Սէուտական պետական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի ու շրջանի կացութեան վերջին զարգացումները եւ անոնց նկատմամբ թափուող ջանքերը, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ անոնց աջակցելու եւ անոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիայէն մեկնելէն ետք շնորհակալական նամակ մը յղեց Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին` նշելով. «Մեր կատարած քննարկումները ամուր հիմեր հաստատեցին նոր փուլի յարաբերութիւններու, զորս կեանքի կոչելու եւ տարբեր ոլորտներու շուրջ զարգացնելու համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
«Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտին փոխանցեցէք լիբանանցիներուն խոր գնահատանքը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ անոր պատմական կեցուածքներուն համար», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նաեւ նշեց. «Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ մօտալուտ հանդիպումին` շարունակելու համար քննարկումը այն նիւթերուն, որոնց շուրջ խօսեցանք»:
ՈՒԱՍ երէկ հաղորդեց, որ Աուն-Պըն Սալման հանդիպումէն ետք հրապարակուած է միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ. «Երկու կողմերը համաձայնեցան սկսիլ սերտել այն խոչընդոտները, որոնք կը ծառանան Լիբանանէն Սէուտական Արաբիա արտածման առջեւ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան ճամբորդելը արտօնելու անհրաժեշտ քայլերը»:
Միացեալ հաղորդագրութեան համաձայն, երկու կողմերը ընդգծած են «նախագահ Աունին իր ընտրուելէն ետք արտասանած նախագահական ճառին պարունակութիւնը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը»` շեշտելով. «Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջովին գործադրելու, առնչակից միջազգային որոշումներու գործադրութեան, պետութեան իր գերիշխանութիւնը լիբանանեան ամբողջ տարածքին վրայ տարածելու, զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու, լիբանանեան բանակի ազգային դերակատարութեան, անոր աջակցելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բռնագրաւող բանակի լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանալու անհրաժեշտութիւնը»:
Անոնք համաձայնած են «լիբանանեան տնտեսութեան առողջացման, ներկայ իր տագնապը շրջանցելուն ու միջազգայնօրէն պահանջուած բարեկարգումները թափանցիկութեան սկզբունքներու հիմամբ սկսելու եւ պարտադիր օրէնքները գործադրելու անհրաժեշտութեան շուրջ»:
Հաղորդագրութեան աւարտին կը նշուի, որ նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանը հրաւիրած է «իր երկրորդ երկիրը` Լիբանան այցելելու: Գահաժառանգը իր կարգին իր գնահատանքը արտայայտեց այդ հրաւէրին եւ ողջունեց զայն»:


