Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին

March 3, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 2 Մարտ 2025-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։

Նիստը քննարկեց.-

ա) Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, գերիներու եւ պահուող անձանց ազատ արձակման կոչով Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ուղղած նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին։

բ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումները Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ Ցեղասպանութեան պատճառականութեան մասին վարչապետին հնչեցուցած միտքերուն նկատմամբ հասցէական արձագանգը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հարթակի անդամ պատմաբանները, իրաւագէտներն ու քաղաքագէտները խորքային քննարկումով անդրադարձան աշխարհակարգային փոփոխութիւններուն, անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հարաւային Կովկասի տարածշրջանին վրայ, Հայաստան-Սփիւռք բացակայող համագործակցութեան պատճառներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան յղացքին մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն։ Նիստի ընթացքին մասնակիցները արձանագրեցին, որ նման հարցադրումներով ներհայկական դաշտին մէջ տարակարծութիւններ կը յառաջանան ամենահամահայկական օրակարգին շուրջ։ Աւելին, այսպիսի բանավէճ ստեղծելով, ըստ էութեան, յագուրդ տրուած կ՚ըլլայ Անգարայի կողմէ յառաջ քշուող «պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով» Ցեղասպանութեան իրողութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քաղաքականութեան։

Ռազմագերիներու խնդրին առնչութեամբ ժողովականները նշեցին, որ հակառակ կտտանքներու ու հոգեբանական ճնշումներու, անոնք արժանապատիւ կեցուածք ունին. Հարթակի անդամները միաժամանակ արձանագրեցին, որ այսպիսով Պաքուն նպատակադրած է Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն դէմ եղած հայցադիմումներու չեղարկում պարտադրել Երեւանին եւ արցախեան պատերազմի ամբողջ մեղքը բարդել Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսերուն։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամները հաստատեցին, որ նման ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներու վրայ ազգային կեդրոններու եւ ոյժերու համախմբում՝ դիմակայելու համար արհաւիրքները։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց կայացած մասնագիտական քննարկումները եւ շեշտեց, որ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ շեշտակի ըսել իր խօսքը՝ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը հակասեն համահայկականութեան, եկեղեցւոյ միութեան եւ ազգի համախմբման։ Ան աւելցուց, որ համահայկական կառոյցները իրենց աշխատանքները պէտք է կեդրոնացնեն Արցախի գերիներու ազատ արձակման համար Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը անվտանգութեան երաշխիքներով ապահովելու եւ մեր ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու։

Այս առիթով յայտնենք, որ հրատարակութեան յանձնուած է Արցախի ցեղասպանութեան թեմայով, 2024-ի Յունուարին ու Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած գիտաժողովի զեկուցումներու հաւաքածոն, որ կ՚ընդգրկէ իրաւական, մշակութային, պատմական ու քաղաքական բնոյթի այժմէական փորձագիտական նիւթեր, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման նպատակով տարուող զանազան աշխատանքներու։

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (3 ՄԱՐՏ 2025)

Յաջորդը

Տոմս. Կ՛արժէ՞ Շունչ Վատնել…

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.