Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփի Հրամանով Ուքրանիոյ Տրամադրուող Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները Սառեցուեցան

Մարտ 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած է սառեցնել Ուքրանիոյ տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Պաշտօնատարը յայտնեց. «Մեր օժանդակութիւնները կը սառեցնենք եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկենք` վստահ ըլլալու համար, թէ անոնք կը նպաստեն լուծումի մը հասնելուն»:

«Նախագահը յստակացուց, որ խաղաղութեան վրայ կը կեդրոնանայ: Մենք կարիքը ունինք, որ մեր գործընկերները եւս այս նպատակի իրագործման յանձնառու դառնան», նշեց Սպիտակ տան պաշտօնատարը:

Ան յայտնեց, որ սառեցման որոշումը կը ներառէ զինուորական օգնութիւններ, որոնք որոշուած էին նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի օրերուն, եւ Քիեւ նախապէս անոնց մեծ մասը ստանձնած է, իսկ մնացեալ մասը, որ տակաւին չէ ստանձնած, կը ներառէ սարքաւորումներ ու զէնքեր:

Պաշտօնատարը ըսաւ, որ նշեալ որոշումը հրապարակուած է երկուշաբթի երեկոյեան Սպիտակ տան մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին, որուն մասնակիցներուն շարքին եղած են պաշտպանութեան նախարար Փիթ Սեկերթը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ նախագահի շարք մը բարձրաստիճան խորհրդականները:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեց. «Թրամփի ազգային անվտանգութեան բոլոր բարձրաստիճան խորհրդականները համաձայն գտնուեցան Ուքրանիոյ օժանդակութիւնները դադրեցնելու որոշումին»:

 

Նախորդը

Վիլայեթի. «Թուրք Պաշտօնատարները Պէտք Է Յարգեն Դիւանագիտական Վարմունքի Կանոնները, Որովհետեւ Իրանը Անգարայի Չափազանցութիւններուն Դիմաց Լուռ Պիտի Չմնայ»

Յաջորդը

Հելսպոռն. «Ալիեւ, Կարծէք, Հեռու Չէ Նոր Պատերազմի Սկսելէ. Յոյսով Ենք, Որ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Կրնայ Օգնել` Ատիկա Կանխարգիլելու»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?