Երէկ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ Արաբական արտակարգ վեհաժողովը, որ նուիրուած էր Կազայի վերաշինութեան ծրագիրի վերջնական տարազի ձեւաւորման: Ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Կազայի վերաշինութեան եգիպտական ծրագիրը:
Պահրէյնի թագաւոր Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի»` աւելցնելով, որ Պահրէյն կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու տեղահանման որեւէ փորձ:
«Կ՛ողջունենք Կազայի վերաշինութեան համար առաջարկուած եգիպտական ծրագիրը եւ կոչ կ՛ուղղենք անոր զօրակցելու», յայտարարեց ան:
Եգիպտոսի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Այս վեհաժողովը կը գումարենք ընդառաջելով պաղեստինցիներու կոչին»: «Եգիպտոս միայն իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը կը ճանչնայ», ըսաւ ան:
Սիսի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի մարզէ պաղեստինցի անձնակազմը, որ Կազայի հարցերը պիտի կառավարէ` ընդգծելով. «Կազայի վերաբերեալ մեր ծրագիրը կը պահպանէ պաղեստինցի ժողովուրդի` իր պետութիւնը ստեղծելու իրաւունքը»:
Եգիպտոսի նախագահը յայտարարեց, որ իր երկիրը ապրիլին Կազայի վերաշինութեան խորհրդաժողով մը պիտի հիւրընկալէ` կոչ ուղղելով աջակցելու Կազայի վերաբերեալ Եգիպտոսի ծրագիրին:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց. «Պէտք է ընդգծել տեղահանութեան մերժումը եւ աջակցիլ Կազայի վերաշինութեան»:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց. «Վտանգաւոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք եւ կը մերժենք տեղահանութեան կոչերն ու Այսրյորդանանի մէջ բռնագրաւումին գործողութիւնները»` աւելցնելով. «Կ՛ողջունենք Կազայի վերաշինութեան եգիպտական-պաղեստինեան-արաբական ծրագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղենք աջակցելու վերաշինութեան ջանքերուն»:
Եգիպտական ծրագիրը կը նշէ, թէ երկու պետութիւններու սկզբունքով լուծումը շրջանի պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ բանական յարաբերութիւններու ճամբան կը հարթէ: Ծրագիրին հիմամբ Եգիպտոս եւ Յորդանան պաղեստինեան ոստիկանութեան անդամներ պիտի մարզեն Կազայի անվտանգութեան հսկելու համար, ինչ որ հետագային ճամբան կը հարթէ Կազայի վրայ Պաղեստինեան իշխանութեան վերահսկողութեան վերականգնման:
Ծրագիրին հիմամբ նաեւ կը կազմուի պաղեստինեան որոշումով 6-ամսեայ փոխանցման փուլի կառավարման յանձնախումբ մը, որուն անդամ կը դառնան անկախ թեքնոքրաթներ, սակայն պաղեստինեան կառավարութեան հովանաւորութեան տակ:
Նախագահ Աունի Խօսքը
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Արաբական արտակարգ վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Երկրիս մէջ, ճիշդ ինչպէս Պաղեստինի մէջ, տակաւին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած հող կայ, եւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ լիբանանցի գերիներ կան: Մենք մեր հողէն չենք հրաժարիր, չենք մոռնար մեր գերիները եւ զանոնք չենք լքեր»: Ան աւելցուց. «Չկայ խաղաղութիւն առանց մեր միջազգայնօրէն ճանաչուած հողերու վերջին թիզի ազատագրումը (…) եւ չկայ խաղաղութիւն առանց պաղեստինեան պետութեան»:
«Երբ Պէյրութը գրաւուի կամ Դամասկոսը քանդուի, կամ Ամմանը սպառնալիքի ենթարկուի, Պաղտատը տառապի կամ Սանաան տապալի, անկարելի է, որ ոեւէ մէկը պնդէ, թէ ատիկա Պաղեստինի թիկունք կանգնելու համար է: Մեր արաբական երկիրներուն իրենց կայունութեամբ ու բարգաւաճումով, խաղաղութեամբ ու բաց ըլլալով, զարգացումով ու բարգաւաճումով, առաքելութեամբ ու բնորդով հզօր ըլլալը Պաղեստինի թիկունք կանգնելու լաւագոյն ուղին է», յայտարարեց Աուն:
«Լիբանանի ամբողջական ու հաստատ գերիշխանութիւնը կ՛ամրապնդուի Սուրիոյ կացութեան ամբողջական առողջացումով եւ Պաղեստինի մէջ ձեռք բերուած անկախութեամբ: Նոյնպէս նաեւ մեր պետութիւններէն իւրաքանչիւրին համար»:
Նախագահը յայտնեց, որ Լիբանան վերադարձած է «արեւին տակ իր դիրքին»` նշելով, որ Լիբանան վերադարձած է իր Ազգային ուխտէն բխող օրինականութեան, երկրորդ` իր արաբական օրինականութեան, «շնորհիւ ձեզի, ձեր վկայութեան եւ մնայուն աջակցութեան», որմէ ետք «ձեզի հետ միասին վերադառնալու համար միջազգային օրինականութեան»:
«Լիբանան շատ տառապեցաւ, սակայն սորվեցաւ իր տառապանքէն: Սորվեցաւ ուրիշներուն պատերազմներուն բեմ չըլլալ, օտարներու քաղաքականութեան եւ ազդեցութեան քաղաքականութեան նստավայր եւ միջանցք չըլլալ, բռնագրաւումներու, հոգատարութիւններու կամ տիրապետութիւններու վայր չըլլալ, եւ ոմանց չարտօնել օտարին ուժով իր հայրենիքի զաւակներուն վրայ ուժ բանեցնել, նոյնիսկ եթէ այդ օտարը բարեկամ կամ եղբայր է, եւ ուրիշներուն չարտօնել բարեկամ մը կամ եղբայր մը կանչել, կամ անոր գործով կամ նոյնիսկ խօսքով վնասելու», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
«Լիբանան սորվեցաւ, որ իր գոյութենական շահերը արաբական շրջապատին հետ են, իր կենցաղային շահերը ամբողջ ազատ աշխարհի հետ են, եւ շրջանին մէջ իր դերը միախմբման հայրենիք ըլլալն է, ոչ թէ` հակամարտութեան բեմ», աւելցուց ան:


