Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ուրբաթ երեկոյեան այցելեց Սպիտակ տուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Կը նախատեսուէր նաեւ հանդիպման աւարտին յարգի մետաղներու շուրջ համաձայնութեան մը կնքումը:
Թրամփ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Ուքրանիոյ հետ մետաղներու շուրջ չափազանց արդար համաձայնութիւն պիտի ստորագրենք, եւ ասիկա Միացեալ Նահանգներուն կողմէ մեծ յանձնառութիւն է: Զելենսքիին նաեւ յայտնեցինք, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը մօտալուտ է»:
«Երկու կողմերէն շատ զոհեր եղան: Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը պիտի չծագէր, եթէ ես նախագահ ըլլայի: Պէտք է միշտ զիջումներ կատարել, եւ հաստատօրէն զիջումներ պիտի ըլլան», ըսաւ ան:
«Մետաղներու համաձայնութիւնը արդար է, եւ անհամբեր կը սպասենք զանոնք պեղելուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ուքրանիոյ մէջ պիտի ըլլանք», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ զինադադար կ՛ուզենք, եւ Փութինն ու Զելենսքին կ՛ուզեն պատերազմին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել»:
«Ուքրանիա զէնքեր պիտի ուղարկենք եւ կը յուսանք չստիպուինք շատ զէնքեր ուղարկել, մենք մօտ ենք Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համաձայնութեան հասնելուն», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ դռնփակ հանդիպումէն առաջ, սակայն, լրատուամիջոցներուն առջեւ Թրամփի, փոխնախագահ Ճէյմս Վանսի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն ու Զելենսքիի միջեւ բուռն վէճ մը տեղի ունեցաւ:
Թրամփ Զելենսքին ամբաստանեց ինքզինք «ճգնաժամի մատնելու համար» եւ նշեց, որ «ան լուծման համար որեւէ խաղաքարտ չունի»` մաղթելով, որ «երախտապարտ ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն»:
«Համաձայնութիւն գոյացո՛ւր, այլապէս կը հեռանանք», զգուշացուց Սպիտակ տան ղեկավարը, եւ Զելենսքին ամբաստանեց Միացեալ Նահանգները չյարգելու յանցանքով:
«Զինուորներդ կը պակսին, եւ դուն մեզի կ՛ըսես, թէ զինադադար չես ուզեր», նշեց Թրամփ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը վէճէն ետք Սպիտակ տունէն կանուխ հեռացաւ: Զելենսքի Սպիտակ տունէն հեռանալու ընթացքին շեշտեց. «Ուքրանիան արդար ու տեւական խաղաղութեան կարիք ունի, եւ ճիշդ անոր համար կ՛աշխատինք»` աւելցնելով. «Շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն իրենց աջակցութեան համար, եւ շնորհակալութիւն այս այցելութեան համար, շնորհակալութիւն Թրամփին, Քոնկրեսին եւ ամերիկացի ժողովուրդին»:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ նախագահը «Սպիտակ տունէն իր կամքով չհեռացաւ, այլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը զինք վտարեց»: Պաշտօնատարները աւելցուցին. «Ուքրանացի պաշտօնատարները աղաչեցին Զելենսքիի եւ Թրամփի միջեւ բանավէճէն ետք կացութիւնը փրկել»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Թրամփ եւ Զելենսքի Սպիտակ տան մէջ իրենց բանավէճէն ետք չստորագրեցին մետաղներու համաձայնութիւնը»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թրամփ միակն է, որ կրնայ վերջ տալ պատերազմին, եւ «Զելենսքին կացութիւնը փոխելու առիթ ունի:
«Այն, ինչ որ այսօր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ, անբացատրելի է, եւ տակաւին առիթ կայ ստորագրելու մետաղներու համաձայնութիւնը: Զելենսքիին առջեւ կան ընտրանքներ, զորս պէտք է որդեգրէ: Անոր երկրին խնդիրը մեծ է, եւ պէտք է ականջ տայ Թրամփին», ընդգծեց նախարարութիւնը:
«Այսօր Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցածը այն է, որուն համար ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկեց ամերիկացի ժողովուրդը», նշեց նախարարութիւնը:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց. «Թրամփի վարչակազմը կը սերտէ Ուքրանիոյ ներկայ զինուորական բոլոր մատակարարումներուն վերջ տալը: Եթէ որոշումը տրուի, ապա ատիկա պիտի ներառէ ռատարները, մեքենաները, զինամթերքը, հրթիռները, որոնց գինը կը հասնի միլիառաւոր տոլարներու»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը շաբաթ օր ալ յայտնեց, որ Զելենսքիի հետ ժողովը «լաւ չէր»: «Զելենսքին գերագնահատեց իր կարելիութիւնները, եւ Ամերիկան չ՛ուզեր խաղալ», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով, որ «Զելենսքի կ՛ուզէ շարունակ կռուիլ»` նշելով. «Խաղաղութեան կը սպասենք, եւ ոչ թէ 10 տարիներ տեւող պատերազմի, եւ Զելենսքին պէտք է խաղաղութեան համաձայնութիւնը կնքէ»:
«Բանակցութիւնները շարունակելու համար Զելենսքին պէտք է խաղաղութիւն հաստատելու իր փափաքը յայտարարէ», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Մենք պիտի չշարունակենք կռուիլ, եւ կարելի է անմիջապէս կրակոցը դադրեցնել»:
Թրամփի համաձայն, «Զելենսքին հիմա կ՛ուզէ (Սպիտակ տուն) վերադառնալ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Զելենսքին «պէտք է ներում հայցէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ իր ժողովը իրեն համար կատարեալ ձախողութեան վերածելուն համար»` հարց տալով, թէ Զելենսքին «իսկապէս իր երկրին Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ կ՛ուզէ՞ տալ»:
«Սպիտակ տուն երթալով յարձակողական դառնալու կարիք չունէր», ըսաւ Ռուպիօ` շեշտելով. «Զելենսքին թերեւս խաղաղութեան համաձայնութիւն չ՛ուզեր: Ան կ՛ըսէ, թէ ատիկա կ՛ընէ, սակայն թերեւս չընէր»:
Ան նշեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը «բարի եկած է Սպիտակ տուն, երբ պատրաստ ըլլայ խաղաղութիւն հաստատելու եւ խաղաղութեան վերաբերեալ լուրջ ըլլայ»:
«Տակաւին շատ կանուխ է մտածելու, թէ Թրամփը, Զելենսքին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ի վերջոյ հանդիպում պիտի ունենան խաղաղութեան բանակցութիւններ վարելու համար: Տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք նախքան այդ կէտին հասնիլը: Այս պատերազմը բարդ է, որուն պատճառները տարիներ ետ կ՛երթան, եւ այդ բազմաթիւ քննարկումներ կը պահանջէ», յայտնեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
«Ներկայիս, աշխարհի վրայ միակ ղեկավարը, որ առիթ ունի այս պատերազմին վերջ տալու, Թրամփն է, եւ մենք կարիքը ունինք անոր առիթ տրամադրել այդ մէկը կատարելու», ըսաւ Ռուպիօ:
Ուքրանիոյ նախագահը շաբաթ օր Լոնտոն հասնելով յայտնեց, որ Թրամփի աջակցութիւնը Ուքրանիոյ համար «կենսական» է: «Մեզի համար կենսական է նախագահ Թրամփի աջակցութիւնը ունենալ: Ան կ՛ուզէ վերջ տալ պատերազմին, սակայն ոչ ոք խաղաղութիւնը մեզմէ աւելի կ՛ուզէ», նշեց Զելենսքի` աւելցնելով, որ տակաւին պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ յարգի մետաղներու համաձայնութիւնը կնքելու:
Եւրոպացի պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մասնաւոր կերպով հասկցուցած է, որ կ՛ուզէ Ուքրանիոյ նախագահէն հրապարակային ներողութիւն ստանալ` յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:
Արձագանգները
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Նոր նացիական վարչակարգի նախագահ Զելենսքիի 28 փետրուարին Ուաշինկթըն այցելութիւնը Քիեւի վարչակարգին քաղաքական ու դիւանագիտական ամբողջական ձախողութիւնն է»:
Զախարովա յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ նպատակները Զելենսքիի Ուաշինկթըն այցելութենէն ետք չեն փոխուած` Ուքրանիոյ նախագահը ամբաստանելով տագնապը երկարաձգելով տարուած ըլլալու յանցանքով: «Ռուսիոյ հաստատ նպատակները կը մնան Ուքրանիոյ ապազինումը եւ նացիականութիւնը այդ տեղէն արմատախիլ ընելը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող իրականութիւններու ճանաչումը», ըսաւ ան` Զելենսքին ամբաստանելով տագնապը «շարունակելով տարուած ըլլալու յանցանքով»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ Զելենսքիի Թրամփին ուղղուած` «հետագային խնդիրներ պիտի դիմագրաւես եւ զանոնք պիտի զգաս» խօսքը Քիեւի վարչակարգին կողմէ Ուաշինկթընի ուղղուած հրապարակային սպառնալիք է:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն Զելենսքիին դիմեց ըսելով. «Դուն երբեք առանձին չես, եւ պիտի շարունակենք ձեզի հետ աշխատիլ արդար ու տեւական խաղաղութեան համար»` նշելով. «Այսօր արժանապատուութիւնդ կը պատուէ ուքրանացի ժողովուրդի քաջութիւնը. ուժեղ ու քաջ եղի՛ր»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս շեշտեց. «Ուքրանիան Եւրոպա է. մենք Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնինք»` նշելով. «Պիտի ամրապնդենք Ուքրանիոյ մեր աջակցութիւնը, որպէսզի կարենայ շարունակել դէմ դնել ներխուժողին»:
«Յստակ դարձաւ, որ ազատ աշխարհը նոր ղեկավարի կարիք ունի: Մեզի` եւրոպացիներուս կը մնայ այդ մարտահրաւէրը դիմակայել», յայտարարեց Քալլաս:
Էլիզէի պալատը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Սպիտակ տան մէջ բանավէճէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահին հետ:
Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի կոչ ուղղեց` «անյապաղ» Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ անոնց դաշնակիցներուն հետ Ուքրանիոյ վերաբերեալ խորհրդաժողով մը գումարելու:
Մելոնի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նշեալ վեհաժողովը անհրաժեշտ է «անկեղծ կերպով որոնելու այն ուղին, որուն միջոցով կ՛ուզենք դիմակայել ներկայ մեծ մարտահրաւէրները` սկսելով Ուքրանիայէն, զոր վերջին տարիներուն միասնաբար պաշտպանեցինք»:
Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ Ռուսիան անօրինական եւ անհիմն ներխուժած է Ուքրանիա, եւ արդէն երեք տարի է, որ ուքրանացիները կը պայքարին խիզախութեամբ եւ տոկունութեամբ:
«Յանուն ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ գերիշխանութեան համար անոնց պայքարը այն պայքարն է, որ կարեւոր է բոլորիս համար: Քանատան պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ եւ ուքրանացիներուն` արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», գրած է Թրուտօ:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտնեց. «Չեմ կարծեր Զելենսքին որեւէ սխալ գործեց»: Նշենք, որ Սթարմըր շաբաթ օր Լոնտոնի մէջ Զելենսքիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Դուք ունիք Բրիտանիոյ լիակատար աջակցութիւնը»: Ստորագրուեցաւ ուքրանական բանակին աջակցելու 2,74 միլիառ եւրոյի պայմանագիր:
Բրիտանիոյ վարչապետարանը յայտարարեց, որ Սթարմըր շաբաթ գիշեր Լոնտոնի մէջ Զելենսքիի հետ իր ժողովէն ետք դարձեալ հեռաձայնած է Թրամփին: