Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիան, Ֆրանսան Եւ Ուրիշներ Ուքրանիոյ Հետ Պիտի Աշխատին Պատերազմի Դադրեցման Ծրագիրի Մը Վրայ` Զայն Ամերիկայի Հետ Քննարկելու Համար

March 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կիրակի օր Ուքրանիոյ 18 դաշնակիցներու Լոնտոնի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ներկայութեամբ ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Համաձայնեցանք, որ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ ուրիշներ Զելենսքիի հետ աշխատին պատերազմի դադրեցման ծրագիրի մը վրայ` զայն Միացեալ Նահանգներու հետ քննարկելու համար»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ համաձայնեցայ Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութեան կարեւորութեան շուրջ», ըսաւ Սթարմըր:

«Մենք խաչմերուկի վրայ ենք, եւ արդար ու տեւական խաղաղութեան ծրագիրի մշակման պահը հիմա է», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգները պիտի աջակցին Ուքրանիոյ վերաբերեալ մեր ծրագիրին», նշեց Բրիտանիոյ վարչապետը` աւելցնելով. «Խաղաղութեան պահպանումը կը պահանջէ, որ կարող ըլլանք զայն պաշտպանելու»:

Սթարմըր Լոնտոնի մէջ Եւրոպայի մէջ ապահովական նոր երաշխիքներու քննարկման յատկացուած ժողովէն առաջ յայտարարեց. «Եւրոպան կ՛անցնի պահէ մը, որ իր անվտանգութեան համար միայն սերունդ մը անգամ մը կ՛անցնի»:

Լոնտոնի մէջ երկու ժամ տեւած Ժողովի մասնակիցներէն էին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Նշենք, որ կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի Պրիւքսելի մէջ գումարուի Ուքրանիոյ հարցով եւրոպական արտակարգ վեհաժողով մը:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Մեզի խաղաղութիւն պէտք է, ոչ թէ անվերջ պատերազմ, իսկ խաղաղութեան բանալիները անվտանգութեան երաշխիքներն են»:

«Յառաջիկային Եւրոպայի մէջ բոլորս պիտի ձեւաւորենք մեր հասարակաց դիրքորոշումները` այն գիծերը, որոնց պէտք է հասնինք, եւ այն գիծերը, որոնց պարագային մենք չենք կրնար զիջումներ կատարել: Այս դիրքորոշումները պիտի ներկայացուին Միացեալ Նահանգներու մեր գործընկերներուն: Ուժեղ ու տեւական խաղաղութիւնը եւ պատերազմի աւարտի վերաբերեալ ճիշդ համաձայնութիւնը իսկապէս մեր հասարակաց առաջնահերթութիւններն են», ըսած է ան:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն Լոնտոնի մէջ եւրոպացի ղեկավարներու վեհաժողովը որակած է իբրեւ «լաւ եւ անկեղծ քննարկում»:

Անոր համաձայն, ղեկավարները քննարկած են Քիեւի համար անվտանգութեան համապարփակ երաշխիքներու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ Ուքրանիոյ ուժեղ դիրք հաղորդելը եւ անոր «ամրապնդուելու եւ պաշտպանուելու» միջոցներ տրամադրելը:

Ֆոն Տեր Լեյեն ըսած է. «Մենք պէտք է զօրացնենք մեր պաշտպանութիւնը… Մենք պէտք է դէպի առջեւ հսկայական քայլ կատարենք»: Ան աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ համաեւրոպական մօտեցում:

«Այժմ մեզի համար չափազանց կարեւոր է մեծցնել ծախսերը… կարեւոր է նախապատրաստուիլ յոռեգոյնին», յայտնած է ան:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը նաեւ Լոնտոնէն դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` ըսելով «Մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ կանգնելու` պաշտպանելու ժողովրդավարութիւնը, պաշտպանելու օրէնքի գերակայութեան սկզբունքը, ըստ որուն, կարելի չէ ներխուժել դրացիի տարածք կամ ուժով փոխել սահմանները: Մեր հասարակաց շահերէն կը բխի կանխարգիլել ապագայ պատերազմները»:

 

Նախորդը

Մաքրոն Ուքրանիոյ Մէջ 1 Ամիս Տեւողութեամբ Զինադադարի Ֆրանսական-Բրիտանական Առաջարկ Մը Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.