Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ «Շատ Շուտով»  Պիտի Հանդիպի Փութինի Հետ

Թրամփ «Շատ Շուտով» Պիտի Հանդիպի Փութինի Հետ

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ «շատ շուտով»` 20 յունուարին նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպիլ: «Ես ատիկա կ՛ընէի աւելի շուտ, սակայն (…) նախ պէտք է հասնիլ գրասենեակ: Որոշ գործերու համար պէտք է գրասենեակին մէջ ըլլալ», ըսած է Թրամփ` «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելու...

Կազայի Մէջ Զինադադարի Եւ Գերիներու  Փոխանակման Համաձայնութիւն

Կազայի Մէջ Զինադադարի Եւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութիւն

Երէկ երեկոյեան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման շուրջ: Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ երկու կողմերը այս համաձայնութեան յանգեցան Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կատարուած բանակցութիւններէ ետք: Քաթարի վարչապետը յայտարարեց, որ զինադադարը պիտի սկսի գործադրուիլ 19 յունուարէն սկսեալ: Ան աւելցուց, որ Տոհան աշխատանքը պիտի շարունակէ Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ` երաշխաւորելու համար...

Խմբագրական.   Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք  Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու  Դիմակայման Համար

Խմբագրական. Համախոհութիւնը` Գերակայ Առանցք Ներքին-Արտաքին Մարտահրաւէրներու Դիմակայման Համար

Լիբանանի մէջ հանգուցալուծումներու կշռոյթը արագ է: Երկար ձգձգումներ, առկախումներ, անորոշութեան մատնուած իրավիճակներ շատ արագ կը մտնեն ընթացակարգերու մէջ  եւ կը վերադառնան բնականոն հուն: Կանուխ է եզրակացնելը, որ ամէն ինչ հեզասահ, անցնցում եւ արդիւնաւէտ պիտի ընթանայ: Վարչապետի նշանակման նախորդած խորհրդակցութիւններն ու անոր անուան լիբանանեան քաղաքական բեմ մուտք գործելու եղանակն ու ապահոված տարածականութիւնը նկատի ունենալով որոշ դիտարկումներ կարելի է կատարել: Ի տարբերութիւն...

Այսօր Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր  Խորհրդակցութիւններու Մեկնարկ.  Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Աունի Եւ Պըրրիի Հետ

Այսօր Խորհրդարանական Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու Մեկնարկ. Սալամ Հանդիպում Ունեցաւ Աունի Եւ Պըրրիի Հետ

Նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առտու հասաւ Լիբանան: Ան կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Սալամ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքացիներուն ինծի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար` ստանձնելու Լիբանանին ծառայելու համար դժուար առաքելութիւնը, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, լիբանանցիներու երազներուն իրագործման համար աշխատելու հրաւէր է»: «Ժամանակն...

Վերջին Ժամ.  Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգները  Ստորագրեցին Ռազմավարական  Գործընկերութեան Կանոնադրութիւնը

Վերջին Ժամ. Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգները Ստորագրեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան Կանոնադրութիւնը

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը: «Կը ստեղծենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնախումբ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ընդլայնել փոխադարձ գործակցութիւնը տնտեսական, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան, ներառականութեան եւ միջանձնային յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:

Եւրոպական Միութիւնը Պաշտօնապէս Վաւերացուց Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամէն Հայաստանին 10 Միլիոն Եւրօ Տրամադրելու Որոշումը

Եւրոպական Միութիւնը Մանրամասն Պիտի Ուսումնասիրէ Հայաստանի Անդամակցութեան Հաւանական Դիմումը

Եւրոպական Միութիւնը մանրամասն պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի անդամակցութեան հաւանական դիմումը: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս` Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնախումբի նիստի ընթացքին: «Մենք նաեւ կը լսենք, որ կան դրական շարժումներ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացնելու ուղղութեամբ: Ատիկա ընտրութիւն է, եւ մենք պէտք է բոլոր դիմումները շատ-շատ մանրամասն ուսումնասիրենք եւ...

Հայաշատ Կլենտէյլի Մէջ Անտառային Սաստիկ  Հրդեհներու Լոյսին Տակ Արտակարգ Կացութեան Մակարդակը Բարձրացուած Է 2-րդի

Հայաշատ Կլենտէյլի Մէջ Անտառային Սաստիկ Հրդեհներու Լոյսին Տակ Արտակարգ Կացութեան Մակարդակը Բարձրացուած Է 2-րդի

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ անտառային սաստիկ հրդեհներու լոյսին տակ արտակարգ կացութեան մակարդակը 3-րդէն բարձրացուած է 2-րդի: Այս մասին յայտարարած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան` ներկայացնելով անտառային հրդեհներու պատճառով ստեղծուած կացութիւնը: Ան ըսած է, որ այս գիշեր կը սպասուին ուժեղ քամիներ, որոնք պիտի յանգեցնեն անտառային հրդեհներու աւելի շատ տարածման: Քաղաքապետին համաձայն, քաղաքը զգալի վնաս կրած է: «Մեր հրշէջ...

Նաուաֆ Սալամ Լիբանանի Վարչապետ` 84 Երեսփոխաններու Առաջադրումով

Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ ընթացք առին վարչապետի առաջադրման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Նշենք, որ խորհրդակցութիւններու մեկնարկէն առաջ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը` «փոփոխութեան հաւատացողներուն միջեւ» Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար: Երեսփոխան Պիլալ Հշէյմի «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մախզումիի իր թեկնածութիւնը յետս կոչելը ինծի համար բնական չէր, եւ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց  Նաուաֆ Սալամի Թեկնածութիւնը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Առաջադրեց Նաուաֆ Սալամի Թեկնածութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մեկնելով համախոհութեան սկզբունքէն, նախագահի կարողութեան նկատմամբ մեր վստահութենէն, անոր անձին նկատմամբ ժողովրդային ու միջազգային վստահութենէն, պատիւը ունեցանք զինք ընտրելու: «Նախագահին յայտնեցինք երդման ճառի իրագործման երթին ու Լիբանանի փրկութեան մէջ իր նկատմամբ...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ  Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

«Նաշրա» կայքը կիրակի ուշ գիշերին հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է շարք մը հրթիռներով` թիրախաւորելով հարաւային Լիբանանի Արապսալիմ, Հումին Ֆաուքա եւ Տէյր Զահրանի գիւղաքաղաքներուն միջեւ գտնուող հովիտները: Աւելի ուշ «Նաշրա» աւելցուց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է Պաալպեք գաւառի Ժանթա շրջանի մերձակայքը: Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու յայտարարեց. «Հետախուզական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի շարք մը թիրախներու վրայ օդային...

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր  Քարտուղարը Այցելեց Լիբանան

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը Այցելեց Լիբանան

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ապուլ Ղէյթ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքին եւ Պէյրութի մէջ լիկայի կեդրոնի նախագահ դեսպան Ապտելռահման Սալեհը: Ապուլ Ղէյթ Միքաթիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. « Այսօր Լիբանան այցելութիւնս շնորհաւորելու համար է լիբանանցի ժողովուրդը, լիբանանեան կառավարութիւնն ու Լիբանանի նախագահը, Լիբանանի նոր...

Քաթար Իսրայէլի Եւ Համասի Կը Յանձնէ Կազայի Մէջ  Զինադադարի Համաձայնութեան Վերջնական Նախագիծը

Քաթար Իսրայէլի Եւ Համասի Կը Յանձնէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Վերջնական Նախագիծը

Լաւատեղեակ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ միջնորդութիւն կատարող Քաթարը երկու կողմերուն յանձնած է Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու նպատակով զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան վերջնական նախագիծը: Պաշտօնատարը նշած է, որ Տոհայի մէջ բեկումը յառաջացած է կէս գիշերէն ետք, իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներուն, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ...

Ինչո՞ւ Քուէարկեցինք Զօր. Ժոզեֆ Աունին

Ինչո՞ւ Քուէարկեցինք Զօր. Ժոզեֆ Աունին

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 31 հոկտեմբեր 2022-էն 26 ամիս ետք, Լիբանան յաջողեցաւ 9 յունուար 2025-ին 2016-էն ի վեր լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը ընտրել հանրապետութեան նախագահ: Նոր էջ մը բացուեցաւ Լիբանանի տագնապալի պատմութեան մէջ` վերականգնումի, բարգաւաճումի եւ Լիբանանը առաջնահերթ նկատելու խոր յոյսերով: Հայկական երեսփոխանական պլոքը ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումով անվարան քուէարկեց զօր. Ժոզեֆ Աունին, միաժամանակ աշխատելով ապահովել անոր անուան շուրջ առաւելագոյն համախոհութիւնը:...

Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Կը Յուսամ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կառավարութիւն  Կը Կազմուի, Որպէսզի Հարցերը Ճիշդ Ուղղութեան Վրայ Դրուին»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Կը Յուսամ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Կառավարութիւն Կը Կազմուի, Որպէսզի Հարցերը Ճիշդ Ուղղութեան Վրայ Դրուին» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Տէր կը կանգնինք երդման ճառի ամբողջ բովանդակութեան, որ լիբանանեան գոյացութեան հոգին վերադարձնելու համազօր է: Կ՛ուզենք պետութիւն մը, ուր արդարութիւնը կ՛իշխէ, ինչպէս նաեւ օրէնքը, սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնութիւնը կ՛իշխեն: Մենք հասարակութեան հիմնական մաս ենք, եւ մենք...

Դամասկոսի Մէջ Միքաթի-Շարհ Հանդիպում

Դամասկոսի Մէջ Միքաթի-Շարհ Հանդիպում

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթ օր այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիական նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ: Անոր  այցելութիւնը 2010-էն ի վեր Լիբանանի վարչապետի մը կողմէ Դամասկոս առաջին այցելութիւնն էր: Միքաթի յայտնեց. «Այսօր այլեւս հրատապ է, երկու պետութիւններուն շահերուն համար ալ, լուծել Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը, մանաւանդ որ այս թղթածրարը տարիներէ ի վեր եւ մեծապէս կը ճնշէ...

Աուն-Շարհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Աուն-Շարհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ հեռաձայնեց նախագահ Ժոզեֆ Աունին` շնորհաւորելով անոր հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր առաքելութեան մէջ` վստահեցնելով, որ եղբայրական յարաբերութիւնները կը միացնեն սուրիացի եւ լիբանանցի ժողովուրդները: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Շարհին` շեշտելով երկու երկիրներուն միջեւ առկախ մնացած բոլոր խնդիրներու լուծման համար գործակցութեան կարեւորութիւնը:  

16 Զոհ Եւ 153 Հազար Տեղահանուած  Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Պատճառով

16 Զոհ Եւ 153 Հազար Տեղահանուած Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Պատճառով

Քալիֆորնիոյ մէջ անտառային հրդեհներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 16-ի, կը հաղորդէ «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Այրած է մօտ 157 հազար 83 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Տարհանուած մարդոց թիւը հասած է 153 հազարի: Ներկայիս Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ կը շարունակեն 6 մեծ հրդեհներ մոլեգնիլ: Հրշէջները յայտարարած են, որ կրցած են երկու մեծագոյն հրդեհները մասնակիօրէն տեղայնացնել եւ վերահսկողութեան տակ վերցնել...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լիբանանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահը

Ինչպէս ծանօթ է, 9 Յունուար 2025-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Խորհրդարանը նախագահ ընտրեց լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աունը: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր նախագահին՝ ողջունելով անոր ընտրութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ վերջին տարիներու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներէն ետք նախագահ Աունի ընտրութեամբ վերականգնումի ու վերածաղկումի...

Խմբագրական. Նոր Շրջափուլ (Լիբանանի 14-րդ Նախագահի Ընտրութեան Առիթով)

Խմբագրական. Նոր Շրջափուլ (Լիբանանի 14-րդ Նախագահի Ընտրութեան Առիթով)

9 յունուարին նկատմամբ արտայայտուած վճռականութիւնը կարելի է արձանագրել, որ իրականացաւ: Այս թուականը հրապարակուեցաւ Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան գրեթէ առընթեր, այն համոզումը փոխանցելով, որ զինադուլին պիտի հետեւի նոր շրջափուլ: Լիբանանի բանակի հրամանատարի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր տարածաշրջանային ուժերուն կողմէ, եւ նախագահական ընտրութեան երկամեայ ոդիսականին ընթացքին անոր շուրջ յայտարարութիւնները մակընթացութեան եւ տեղատուութեան փուլերէ կ՛անցնէին: Ի տարբերութիւն պետական այլ հաստատութիւններու, բանակը կը շարունակէր վայելել...

Պայտըն. «Աունը Վստահութիւնս Կը Վայելէ»

Պայտըն. «Աունը Վստահութիւնս Կը Վայելէ»

Լիբանանի նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի գիշեր հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ զինք շնորհաւորած նախագահ ընտրուելուն առիթով` վստահեցնելով, որ Միացեալ Նահանգները կը կանգնին Լիբանանի կողքին եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ անոր կ՛աջակցին: Նախագահ Աուն իր ամերիկացի պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնած է` աւելցնելով, որ անհամբեր կը սպասէ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ սերտ գործակցութեան: Պայտըն...

Page 121 of 795 1 … 120 121 122 … 795

Արխիւներ