Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Գերիներուն Ազատ Արձակման Վերաբերող Իրական Քայլերու Ձեռնարկելու Պահանջով Ցոյց Երեւանի Մէջ

March 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց կայացաւ բողոքի հաւաք` Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով:

Ցուցարարները` Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ռազմաքաղաքական միւս ղեկավարներուն լուսանկարները պարզած, Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու շինծու դատավարութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ խոշտանգումներուն վրայ:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին լրագրողներուն հետ զրուցեց ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան` հարց տալով, որ ներկայ իշխանութիւնը ինչի՞ շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ, մինչ հայ գերիները Պաքուի բանտին մէջ են:

«Դա բանակցութի՞ւն է, թէ յանձնուողականութիւն, դա բանակցութի՞ւն է, թէ՞ շանթաժ: Յիշեցնեմ, որ անցած տարի լուր հրապարակուեց, որ Արայիկ Յարութիւնեանը ցուցմունքներ է տուել, որոնք պէտք է հրապարակուէին, դրանից անմիջապէս յետոյ մենք ունեցանք տարածքային զիջում Տաւուշում, ու այդ ցուցմունքները այդպէս էլ չհրապարակուեցին: Մենք կարո՞ղ ենք ենթադրել, որ այդ շանթաժով են տեղի ունենում բանակցութիւնները: Արդեօք այս պայմաններում ամենատրամաբանական քայլն այն չէ, որ ցանկացած բան բանակցելուց, տարածք զիջելուց, զօրքերը յետ քաշելուց առաջ պէտք է նախապայման լինի Պաքւում պահուող բոլոր անձանց վերադարձը:

«Արարատ Միրզոյեանը Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային իրաւապաշտպանի նամակը քանի՞ դիւանագէտի է ուղարկել, ուղարկե՞լ է ընդհանրապէս, թէ՞ չի ուղարկել: Հայաստանում հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները տեղեա՞կ են, որ Ռուբէն Վարդանեանին խոշտանգում են, նրա առողջական վիճակը վատթարանում է», հարց տուաւ Վարդանեան:

Քրիստինէ Վարդանեան շեշտեց, որ առհասարակ տեսանելի չէ, թէ իշխանութիւնները արդեօք կը զբաղի՞ն Պաքուի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի հարցով, թէ՞ ոչ:

«Եթէ բանակցում են, պէտք է լինի փոխզիջում, ի՞նչ է զիջում Ազրպէյճանը: Տեղի ունեցողը շանթաժով ընթացող գործընթաց է, որտեղ Ազրպէյճանի բոլոր պահանջները բաւարարւում են: Եթէ ուզում էք տեսնել, թէ ի՛նչ տիպի բանակցութիւն է ընթանում, յիշէք, որ ընդամէնը 1,5 տարի առաջ որեւէ մէկը չէր խօսում Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին, հիմա Ազրպէյճանը Ալիեւի շուրթերով ուղիղ յայտարարում է, որ դա նախապայման է: Այս երկրում մի մարդ կայ, ով ուղիղ հասանելիութիւն ունի Ալիեւին, թող ասի գերիների հարցով նրան նամակ ուղարկե՞լ է, թէ՞ ոչ, շփւում են չէ՞ Ուաթսափով է, մէյլով է, չգիտեմ, թող ասի», ըսաւ պատգամաւորը:

Ցուցարարներուն տեղեակ պահուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է, սակայն անոնք կասկածով մօտեցան, որովհետեւ շեշտեցին, որ խօսքով ու կոչերով ոչինչ կարելի է ձեռք բերել, պէտք է դիմել գործնական քայլերու:

Ցուցարարները  արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին քովէն ուղղուեցան դէպի Հայաստանի կառավարութեան շէնք, ապա բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց:

 

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Հարցի Վերջնական Հասցէագրման Մերժման Պայմաններուն Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Անմասն Ու Անտարբեր Մնալ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը. Սումկայիթեան Ջարդերի 37-րդ Տարելիցի Եւ Պաքւում Ընթացող Դատավարութեան Կապակցութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.