Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Հինգշաբթի, 2 յունուար 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց եւ Նոր տարուան ու Քրիստոսի ծննդեան տօներուն առիթով զինք շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը: Այս առիթով պապական նուիրակը վեհափառ հայրապետին յանձնեց Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորական նամակը: Հանդիպման ընթացքին յատկապէս քննարկուեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ 9 յունուարին:




















