Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ենթադրէ անոնց ազատումը պատժամիջոցներու բեռէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Մեր վերաբերմունքը պատժամիջոցներուն նկատմամբ յայտնի է, մենք զանոնք կը նկատենք անօրինական: Ի հարկէ, եթէ խօսինք երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, ապա անոնք պէտք է ազատուին, այսպէս կոչուած պատժամիջոցներու այս բացասական բեռէն», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:
Ան միեւնոյն ժամանակ այս հարցին մէջ յառաջընթացի մասին խօսելով նշած է. «Հաւանաբար տակաւին կանուխ է որեւէ բանի մասին խօսիլ»:
«Մենք պաշտօնական յայտարարութիւններ չենք լսած», աւելցուցած է ան:
Փութին Համաձայն Է Իրանի Հետ
Հաղորդակցելու Համար Թրամփին Օգնելու
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայն գտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին օգնելու հարցերուն մէջ, որոնց շարքին` հիւլէական ծրագիրի հարցով Իրանի հետ հաղորդակցելու գծով»:
Աղբիւրներ լրատու գործակալութեան նշած են. «Թրամփ ամերիկեան փափաքը ուղղակի կերպով Փութինին յայտնեց փետրուարին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց. «Ռուսիան կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը պէտք է բոլոր խնդիրները բանակցութիւններու ճամբով լուծեն»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ պատժամիջոցներու վերացման եւ հիւլէական համաձայնագիրէն հեռացման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու հետ նախկին փորձառութեան լոյսին տակ կը մերժէ Միացեալ Նահանգներուն հետ բանակցիլ:


