Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդառաջելով Օճալանի Կոչին` ՔԱԿ-ի Գործադիր Կոմիտէ. «Կը Յայտարարենք, Որ Պիտի Յարգենք Կոչին Պահանջները Եւ Զայն Մեր Կողմէն Պիտի Գործադրենք»

Մարտ 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործադիր կոմիտէն նշեց. «Կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օճալանի 27 փետրուար թուակիր եւ «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն» խորագիրը կրող հաղորդագրութիւնը, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան բոլոր ուժերուն ճամբան կը լուսաւորէ եւ դարաշրջանի մանիֆեստին համազօր է»:

Յիշեցնենք, որ Օճալան ՔԱԿ-ին կոչ ուղղած էր զէնքերը վար դնելու եւ ինքնալուծարուելու:

Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կոմիտէն իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Յստակ է, որ նշեալ կոչին զուգահեռ Քիւրտիստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատմական նոր հոլովոյթ սկսած է, եւ ատիկա մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ ժողովրդավարական կառավարման ու ազատ կեանքին վրայ: Աւելի՛ն, բոլորս պատասխանատու ենք եւ պէտք է բոլորս տէր կանգնինք մեր պարտականութիւններուն ու պարտաւորութիւններուն, եւ զանոնք յարգենք»:

«Անկասկած, որ այս կոչը ուղղելը շատ կարեւոր էր, եւ այժմ անոր բովանդակութեան յաջող կերպով գործադրութիւնը եւս չափազանց կարեւոր է», շեշտեց կոմիտէն` աւելցնելով. «Մենք` իբրեւ կուսակցութիւն, ուղղակի կերպով համաձայն ենք նշեալ կոչին եւ կը յայտարարենք, որ պիտի յարգենք կոչին պահանջները եւ մեր կողմէ զայն գործադրենք: Սակայն, այդուհանդերձ, պէտք է յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար երաշխաւորել քաղաքական ժողովրդավարական պայմաններու եւ իրաւական ենթահողի իրագործումը»:

ՔԱԿ-ի գործադիր կոմիտէն այս առումով յայտարարեց. «Այսօրուընէ սկսեալ զինադադար, Օճալանի «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութեան» կոչին իրագործման իբրեւ ազդանշան, եւ մեր ուժերը որեւէ զինեալ գործողութիւն պիտի չկատարեն, եթէ մեր վրայ յարձակումներ չգործուին»:

«Զէնքը վար դնելու նման հարցերը չեն կրնար իրագործուիլ առանց այդ հոլովոյթին հրամանատար Օճալանի ղեկավարութեան», նշեց ՔԱԿ-ի գործադիր կոմիտէն:

Յիշեցնենք, որ Օճալան ՔԱԿ-ին կոչ ուղղած էր զէնքերը վար դնելու եւ ինքնալուծարուելու:

«Ես կոչ կ՛ուղղեմ` վար դնելու զէնքերը եւ կը ստանձնեմ այս պատմական կոչին պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս կամաւոր պիտի ընէր իւրաքանչիւր ժամանակակից համայնք եւ կուսակցութիւն, որուն գոյութիւնը ուժով չէ ոչնչացուած, հրաւիրեցէ՛ք ձեր ընդհանուր ժողովը եւ տուէ՛ք ձեր որոշումը: Բոլոր խմբաւորումները պէտք է վար դնեն զէնքերը, իսկ ՔԱԿ-ը պէտք է ինքնալուծարուի», ըսած էր Օճալան:

Ան նամակին մէջ բացատրած էր, որ կուսակցութեան անցեալ դարուն կազմութիւնը ազդած է «քրտական իրականութեան բացայայտ ժխտման եւ հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սահմանափակման վրայ», թէեւ «աւելի քան 1000 տարի» թուրքերու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները հիմնուած էին համագործակցութեան վրայ:

Էրտողան Կը Խոստանայ ՔԱԿ–ի Դէմ Գործողութիւնները
Շարունակել, «Եթէ Իր Խոստումները Չյարգէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խոստացաւ ՔԱԿ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները շարունակել, եթէ վերջինս իր տուած խոստումները չյարգէ:

Էրտողան Պոլսոյ մէջ Ռամատանի առիթով ընթրիքի մը ընթացքին ՔԱԿ-ի յայտարարութենէն հազիւ ժամեր ետք յայտարարեց. «Ընթացող մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք… մինչեւ վերջին ահաբեկիչը ոչնչացնենք»:

Նախորդը

Լաւրով. «Ուաշինկթըն Անկեղծօրէն Կ՛ըսէ, Թէ Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալ, Սակայն Եւրոպան Կը Պահանջէ Պատերազմը Շարունակել»

Յաջորդը

Սպիտակ Տան Մէջ Թրամփ – Զելենսքի Բուռն Վէճին Արձագանգները

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?