Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Մարտ 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի մէջ դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցով յայտարարած է, թէ կը իրենք հաստատեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարմութիւնը, ներառեալ` փախստականներու իրաւունքներու յարգումը, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուածներու որոնումը եւ կալանաւորուած անձերու փոխանակման խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Կը հաստատեն նաեւ, որ Մոսկուան պատրաստ է Ազրպէյճանի եւ հայ գործընկերներուն տրամադրել  անհրաժեշտ օգնութիւնը:

Այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը եթէ տարբաղադրաբար փորձենք մեկնաբանել, ամէնէն առաջ կ՛արձանագրենք, որ յղում կատարուած է եռակողմ  պայմանաւորուածութիւններուն. հիմնականին մէջ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան: Անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու փոխանակումի բաժինը մօտաւոր վերարտադրութիւնն է նոյեմբերեան յայտարարութեան 8-րդ կէտին, որ կ՛ըսէ. «Կ՛իրականացուի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակում»:

Նոյեմբերեան յայտարարութեան կամ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու պահուն Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը չէր գերեվարուած, հետեւաբար կարելի է մեկնաբանել այնպէս, որ այս յօդուածը չի վերաբերիր Պաքուի մէջ այս օրերուն դատուողներուն:

Բայց երբ անոնց հարցով նման յայտարարութիւն կը կատարուի պաշտօնական Մոսկուայի կողմէ, ապա կ՛ենթադրուի, որ Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակման հարցը պէտք է քննարկել նոյեմբերեան յայտարարութեան շրջանակներուն մէջ: Ի դէպ, այս երկրորդ անգամն է, որ պաշտօնական Մոսկուայի ներկայացուցիչը այս հարցով կը վերյիշէ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները:

Վերադառնանք նոյեմբերեան յայտարարութեան կէտերուն եւ արձանագրենք, որ 9 կէտերէն 7-ը ըստ էութեան չեղարկուած են: Չեղարկուած են Ռուսիոյ վերաբերող մասերով նոյնիսկ: Ռուս խաղաղապահ զօրքերը լքած են Արցախը: Առկախուած են 8-րդ եւ 9-րդ կէտերը:

Ըստ էութեան չեղարկուած է ամբողջ համաձայնութիւնը: Հիմա, նման յայտարարութեամբ Մոսկուան փորձ կը կատարէ վերստին օրակարգ բերել իր միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնները: Պարզ է, որ Մոսկուան չէ յաջողած կամ չէ ուզած երաշխաւորել այն, ինչ որ իր միջնորդութեամբ պայմանաւորուած են կողմերը:

Առաջադրանքը այստեղ վերագործարկել է եռակողմ ձեւաչափը: Փորձենք աւելի խորանալ ըսուածին էութեան մէջ: Ռազմագերիներու ազատ արձակումը տեղաւորել 8-րդ կէտին մէջ: Սակայն 8-րդ կէտը կ՛իրականանայ, եթէ անոր յաջորդ կէտը եւս` 9-րդը աշխատի: Այսինքն` ապաշրջափակման վերաբերող համաձայնութիւնը, ուր նաեւ նշուած է ռուս  սահանապահ ծառայողական ուժերու կողմէ բացուելիք ճանապարհներու անվտանգութեան վերահսկողութիւնը:

8-րդ եւ 9-րդ կէտերը փոխկապակցելով Մոսկուան պարզ կը դարձնէ, որ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ գերիներու ազատ արձակման համար պայման է եռակողմ ձեւաչափի վերականգնումը, հաղորդուղիներու ապաշրջափակումը եւ ապաշրջափակուող ճանապարհներու ռուսական վերահսկողութիւնը:

Դիտարժան գործընթացներ են, որոնք զուգահեռ տեղի կ՛ունենան: Մէկ  կողմէ ռուս սահմանապահ ուժեր կը հեռանան Հայաստանի տարբեր սահմանակէտերէն, միւս կողմէ փորձ կը կատարուի չեղարկուած համաձայնութեան երկու կէտեր գործարկելու. այս պարագային ռուս սահմանապահներու նոր տեղակայման առաջադրանքով:

Չի բացառուիր, որ վերադարձի կամ տեղակայման այս առաջադրանքը կապուի աշխարհակարգային փոփոխութիւններու նախադրեալներու երեւելի դառնալուն հետ: Այլ խօսքով, ռուս-ամերիկեան երկխօսութեան մեկնարկով տակաւին հեռուէն նկատուող համաձայնութիւններու հետ:

Ազրպէյճանը տակաւին պարզ չէ դարձուցած, որ Արցախի գերիներու ազատ արձակումը իր կողմէ կը պայմանաւորէ միջանցքի տրամադրումով: Պարզը այն է, որ մինչեւ նման կարելիութիւն, Պաքուն այս դատավարութիւններու բեմականացումը լիարժէք պիտի օգտագործէ արցախեան պատերազմի ամբողջ մեղքը բարդելու հայկական կողմին վրայ: Աւելի մասնակի` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքին:

«Ա.»

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Նկատմամբ Շինծու Դատավարութեան

Յաջորդը

Զանցառութեան Մեղքեր (Մեծ Պահքի Առիթով)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?