Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիլայեթի. «Թուրք Պաշտօնատարները Պէտք Է Յարգեն Դիւանագիտական Վարմունքի Կանոնները, Որովհետեւ Իրանը Անգարայի Չափազանցութիւններուն Դիմաց Լուռ Պիտի Չմնայ»

March 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ անկարելի է ներկայիս Սուրիոյ ապագան գուշակել, սակայն փաստերը եւ այն, ինչ որ Թեհրանը կը տեսնէ, ցոյց կու տան, թէ պետութեան քայքայման նախերգանքներ գոյութիւն ունին:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ պահու քաղաքացիական պատերազմ ծագելու հաւանականութիւն գոյութիւն ունի:

Վիլայեթի նաեւ շեշտեց, որ թուրք պաշտօնատարները պէտք է յարգեն դիւանագիտական վարմունքի կանոնները` զգուշացնելով, որ Իրան լուռ պիտի չմնայ Անգարայի չափազանցութիւններուն նկատմամբ:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի վերջերս Իրանի մասին յայտարարութիւններուն, զգուշացուց, որ թուրք պաշտօնատարները պէտք է հասկնան, թէ անհիմն ու միջամտողական պնդումներ կրկնելը թուրք-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններու շահերուն պիտի չծառայէ` աւելցնելով, որ Իսլամական հանրապետութիւնը որեւէ երկրի պիտի չարտօնէ անպատասխանատու յայտարարութիւններով իր պատմական ու խոր շրջանային կապերուն վնասել:

Ան ընդգծեց, որ Իրան հնադարեան քաղաքակրթութեան տէր հզօր պետութիւն է եւ շարունակաբար աշխատած է շրջանային անվտանգութիւն ու գործակցութիւն ջատագովել:

Պաշտօնատարը նաեւ ընդգծեց Իրանի շրջանային դիրքը` զգուշացնելով Թուրքիան շրջանին մէջ իր երկրին դիրքն ու ուժը թերագնահատելէ:

«Եթէ Թուրքիոյ մէջ կարգ մը դէմքեր կը հաւատան, թէ օտար ուժերու կողմէ ազդուած անճիշդ դիրքորոշումներ կրկնելով կրնան շրջանին մէջ Իրանի դիրքը տկարացնել, անոնք չարաչար կը սխալին», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Պատմութիւնը փաստած է, որ Իրան հաստատ կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ եւ պատշաճ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ անյարգալից վերաբերմունքի»:

Վիլայեթի նշեց, որ Իրանը եւ Թուրքիան աշխարհագրական դրացիներ են եւ հասարակաց շահեր ունին, սակայն դարձեալ յիշեցուց, որ հրամայական է, որ թուրք պաշտօնատարները խուսափին կատարելէ յայտարարութիւններ, որոնք երկիրներուն յարաբերութիւնները կը լարեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քանի մը օր առաջ «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Իրանի շրջանային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան կոչ ուղղեց` պնդելով, որ Իրանի քաղաքականութիւնը «շատ վտանգաւոր է»:

«Եթէ (իրանեան) քաղաքականութիւնը այսպէս շարունակուի, չեմ կարծեր, որ ատիկա ճիշդ քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ: Եթէ այլ երկրի մը մէջ խումբի մը աջակցելով կը փորձես երրորդ երկրի մէջ մտահոգութիւն յառաջացնել, այլ երկիրներ եւս կրնան քեզ խանգարել քու սեփական երկրիդ դէմ խումբերու աջակցելով», ըսած էր Ֆիտան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատուն նաեւ յայտնեց. «Հըզպալլան ուժեղ կերպով պիտի շարունակէ Դիմադրութեան երթը, որովհետեւ լիբանանցի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անոր կը զօրակցի եւ անոր կողքին պիտի կանգնի»:

Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը հաղորդեց. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը կանչէ Իրանի դեսպանատան գործավարը` Թեհրանի կողմէ Թուրքիոյ քաղաքականութեան հրապարակային քննադատութիւններուն պատճառով»:

Նախորդը

Արաբական Արտակարգ Վեհաժողովը Որդեգրեց Կազայի Վերաշինութեան Եգիպտական Ծրագիրը

Յաջորդը

Թրամփի Հրամանով Ուքրանիոյ Տրամադրուող Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները Սառեցուեցան

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.