Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Վստահութեան Քուէն Ստանալէն Ետք Առաջին Նիստի Ընթացքին. Նախարարաց Խորհուրդը Հրամանագիրով Մը Որդեգրեց 2025 Թուականի Ամավարկը

Մարտ 7, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց խորհրդարանին կողմէ վստահութեան քուէ ստանալէն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի Ռիատ եւ Գահիրէ այցելութիւններէն ետք իր առաջին ժողովը:

Նախքան ժողովը, նախագահ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն ընթացքին անոնք համաձայնեցան, առ ի գործադրութիւն Լիբանանի սահմանադրութեան 65-րդ յօդուածին, նախարարաց խորհուրդի նիստերը այսուհետեւ գումարելու Թանգարանի շրջանին մէջ գտնուող կեդրոնատեղիի մը մէջ, որ նախապէս այդ նպատակով օգտագործուած է:

Նիստի օրակարգի գլխաւոր կէտերէն էին նախկին կառավարութեան կողմէ որդեգրուած 2025 թուականի ամավարկը, որ փոխանցուած էր խորհրդարանին, սակայն վերջինս զայն չէր քննարկած:

Օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան կազմէն դուրս անձերու իբրեւ դեսպան նշանակումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպական հարցեր, ներառեալ` արտասահման այցելութիւններ:

Նիստի աւարտէն ետք արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի յայտարարեց. «Աշխատանք կը տանինք դիւանագիտական նշանակումներուն վրայ եւ կը յուսանք, որ մօտ օրէն հրապարակուին: (Նախարարութեան կազմէն չեղող) 6 դեսպաններու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ, մինչեւ անոնց կարգավիճակի ճշդումը»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր կարգին յայտարարեց, որ, նիստի ընթացքին որոշուած է նախարարաց խորհուրդի նիստերը գումարել անկախ վայրի մը մէջ, առ ի գործադրութիւն Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ նշեալ տեղը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ շաբաթ:

Ան նաեւ նշեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ նշանակումներու թղթածրարին մէջ թափանցիկ մեքանիզմ օգտագործելու»:

«Որոշեցինք բարեկարգչական հարցեր եւ նախարարութիւններու աշխատանքներու գործադրութեան ժամանակացոյց ճշդել», ըսաւ վարչապետը:

Սալամ յայտնեց. «2025 թուականի ամավարկը հրամանագիրով որդեգրուեցաւ` պետական կարիքներու եւ քաղաքացիներու ծառայութիւններու խանգարումէն խուսափելու համար»:

«Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին հիմամբ բարեկարգումի համապարփակ աշխատանքի մեկնարկին ձեռնարկեցինք», ըսաւ վարչապետը:

Ճարտարարուեստի նախարար Ճօ Իսա Խուրի յայտարարեց. «Ամավարկը վաւերացուեցաւ, այն պայմանով, որ ելեւմուտքի նախարարը յառաջիկայ շաբաթ հրամանագիրին բարեփոխումները ներկայացնէ»:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս կառավարութեան նիստէն ետք յայտնեց. «Նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդը դրաւ Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան մթնոլորտին մէջ եւ շեշտեց, որ օժանդակելու սէուտական պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի, եթէ Լիբանան բարեկարգումները կատարէ»:

«Նախագահ Աուն նշեց, որ Ֆիթրի տօնէն ետք կը նախատեսուի Սէուտական Արաբիա երկրորդ այցելութիւն մը, որուն կարգ մը նախարարներ պիտի մասնակցին», նշեց Մըրքոս:

Տեղեկատուութեան նախարարը նաեւ ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահը «շեշտեց, որ նախարարները յանձնառու ըլլան նիստի ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն գաղտնապահութեան»:

Մըրքոս յայտարարեց. «Որդեգրուեցաւ օրինագիծը, որ կը վերաբերի իսրայէլեան պատերազմէն վնասուածներուն` զանոնք կարգ մը տուրքերէ եւ հարկերէ զերծ կացուցելու համար»:

Տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, թէ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է ներքին ապահովութեան ուժերուն մէջ յատուկ մասնագիտութեան տէր 63 սպաներու նշանակման:

«Նշանակումներու թղթածրարին որոշակի ժամկէտ մը չկայ» նշեց ան` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը անուններ չքննարկեց:

Տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, որ նիստի սկիզբը նախագահ Աուն յայտնած է. «Ուշադրութիւնս գրաւեց Նահատակաց հրապարակին վրայ բարձրացուած լիբանանեան դրօշ մը, որուն կեդրոնը գտնուող մայրիի ծառին վրայէն գիծ քաշուած էր, ատիկա անընդունելի է, որովհետեւ կարելի չէ արտօնել դրօշը աղարտել, նոյնիսկ եթէ բարի նպատակով ըլլայ, որովհետեւ դրօշը երկրին խորհրդանիշն է եւ զայն պահպանելը բոլորին պարտաւորութիւնն է, ուստի ձեր բոլորէն կը խնդրեմ ձեր նախարարութիւններուն մէջ աշխատանք տանիք հոգ տանիլ լիբանանեան դրօշին եւ հինը նորով փոխարինել»:

Ան շեշտեց, որ որոշում տալու հեղինակութիւնը նախարարաց խորհուրդին կը պատկանի ոչ թէ կուսակցութիւններուն կամ համայնքներուն: «Մենք այստեղ ենք որոշումներ որդեգրելու, ոչ թէ խոչընդոտելու, եւ մենք այս առումով բոլորին ուշադրութեան կեդրոնն ենք», յայտնած է նախագահ Աուն:

Նախորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»

Յաջորդը

«Երեւանի Հետ Աշխատանքային Կապերը Կը Պահպանենք, Հայաստան Կը Մնայ Դաշնակից» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?