Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ուքրանիան Պատրաստ Է Որքան Կարելի Է Շուտ Նստելու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

March 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած առաջին խօսքի ընթացքին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ ան կը յայտարարէ խաղաղութեան բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ կողմէ եւս խաղաղութեան պատրաստակամութեան մասին ազդակներ ստացուած են:

«Այսօր ես կարեւոր նամակ ստացայ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքիէն: Նամակին մէջ կը նշուի. «Ուքրանիան պատրաստ է որքան կարելի է շուտ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, որպէսզի մօտեցնէ կայուն խաղաղութիւնը: Ոչ ոք ուքրանացիներէն աւելի խաղաղութիւն կ՛ուզէ», ըսաւ Թրամփ:

Անոր համաձայն, Զելենսքին նաեւ յայտարարած է «որեւէ յարմար պահու» հանքային հարստութիւններու մասին համաձայնագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին:

Թրամփ ըսած է, որ շնորհակալ է նամակին համար` աւելցնելով. «Միեւնոյն ժամանակ մենք լուրջ բանակցութիւններ վարած ենք Ռուսիոյ հետ եւ ստացած հզօր ազդանշաններ, որ անոնք պատրաստ են խաղաղութեան»:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց. «Ամերիկան վերադարձաւ, եւ ամերիկեան երազը կարելի չէ կասեցնել»: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները այսօր իր նախագահական երկրորդ նստաշրջանէն 1,5 ամիս ետք կը վերագտնեն իրենց ինքնավստահութիւնը:

«43 օրուան մէջ իրագործեցինք այն, ինչ որ վարչակազմերու մեծամասնութիւնը 4 կամ 8 տարուան ընթացքին չկրցան իրագործել», նշեց ան:

«Փանամայի ջրանցքին վերահսկողութիւնը պիտի վերստանձնենք» շեշտեց Թրամփ` աւելցնելով. «Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղեմ ֆինանսաւորելու հրթիռային պաշտպանութեան համակարգ մը, որ նման է Իսրայէլի ունեցած «երկաթեայ գմբէթ»-ին»:

Ան նաեւ յայտարարեց. «Ազգային անվտանգութեան նկատառումներով Կրինլանտին կարիքը ունինք, եւ զայն այս կամ այն ձեւով պիտի ստանանք»:

 

Նախորդը

Քրեմլին Դրական Կերպով Կ՛ընկալէ Ուքրանիոյ Հետ Խաղաղութեան Շուրջ Բանակցութեան Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին Ծանուցած Է Կոմիտէի Ներկայացուցչութիւնը Փակելու Մտադրութեան Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.