Քրեմլին յայտարարեց, որ դրական կերպով կ՛ընկալէ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնները»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով լրագրողներուն յայտնեց. «Ասիկա ընդհանուր առմամբ դրական գործելաոճ է»:
Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Գետնի վրայ Քիեւի վարչակարգին առաւելագոյն չափով վնաս հասցնելը Ռուսիոյ գլխաւոր առաքելութիւնը կը մնայ»` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին դադրեցումը Քիեւի վարչակարգին անխուսափելի աւարտը կը նշանակէ»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Քիեւի օժանդակութիւններու տրամադրման առկախումը խորհրդանշական քայլ է, եւ հազուագիւտ մետաղներու շուրջ համաձայնութենէն ետք հաւանական է, որ ամերիկեան զէնքերու մատակարարումները շարունակուին», ըսաւ Մետվետեւ:
«Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի Ուքրանիոյ մէջ ծրագիրները անիրագործելի են, եւ առաջարկուած զինադադարը միայն Քիեւի վարչակարգին համար հանգիստի դադար է», յայտնեց ան:


