Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ հինգշաբթի գիշեր «ապահովական ուժերու ու զինեալներու միջեւ» բախումներու հետեւանքով աւելի քան 70 զոհեր արձանագրուած են:
Դիտարանը «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Աւելի քան 70 զոհեր, տասնեակներով վիրաւորներ եւ գերիներ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարութեան անդամներու եւ նախկին վարչակարգի բանակէն զինեալներու միջեւ բախումներու եւ արիւնալի թակարդներու հետեւանքով»:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը ուրբաթ առտու հաղորդեց, որ զինուորական յաւելեալ ուժերու ժամանումէն ետք, Թարթուս եւ Լաթաքիա նահանգներու քաղաքներու, գիւղերու, գիւղաքաղաքներու եւ մերձակայ լեռներու վրայ խուզարկութեան լայն գործողութիւն շղթայազերծուած է:
ՍԱՆԱ նշեց, որ խուզարկութիւններուն թիրախը «Ասատի միլիսներու մնացորդները եւ անոնց օգնողներն ու աջակցողներն են»` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով «իրենց տուները մնալու եւ որեւէ կասկածելի շարժումի պարագային անմիջապէս լուր տալու»:
Լաթաքիոյ նահանգին մէջ ընդհանուր ապահովութեան վարչութեան տնօրէն Մուսթաֆա Քանիֆաթի յայտնեց, որ կարելի եղած է դիմակայել յարձակումը, «եւ աշխատանք պիտի տանինք անոնց գոյութեան վերջ տալու: Շրջանին մէջ կայունութիւնը պիտի վերականգնենք եւ մեր ժողովուրդի կալուածները պահպանենք»:
ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ժապլէ եւ անոր գիւղական շրջան մեծաթիւ ուժեր ուղարկած է:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողքին կը կանգնի «ընդդէմ օրինազանցներու»` աւելցնելով, որ կը դատապարտէ անոնց արարքները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Օնճու Քիչիլի յայտնեց. «Լաթաքիոյ եւ անոր մերձակայքին մէջ լարուածութիւնն ու ապահովական ուժերու թիրախաւորումը կրնան ականահարել Սուրիան դէպի միասնութիւն ու եղբայրութիւն առաջնորդելու ջանքերը»` զգուշացնելով. «Այսպիսի սադրանքները կրնան Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան սպառնալիք դառնալ»:


