Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին` «անոր յստակ տեսլականին եւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն համար»: Ուքրանիոյ նախագահը երէկ «Էքս»-ի վրայ համապատասխան ուղերձ հրապարակած է:
«Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ իրական եւ ոչ միայն բառերով. անիկա չի կրնար նշանակել անձնատուութիւն կամ Ուքրանիոյ փլուզում, անիկա պէտք է ըլլայ արդար, յուսալի եւ տեւական, եւ ատոր կարելի է հասնիլ միայն Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան ամուր եւ երկարաժամկէտ երաշխիքներով», գրած է նախագահը:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ:
«Մենք խորապէս կը գնահատենք ջանքերը բոլորին, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ եւ կ՛ուժեղացնեն Եւրոպայի պաշտպանութիւնը: Մենք անհամբեր կը սպասենք յառաջիկայ օրերուն միասին աշխատելու խաղաղութեան ուղղուած քայլերու վրայ», գրած է Զելենսքի:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 5 մարտին յայտարարեց, որ կը ծրագրէ Փարիզի մէջ հաւաքել Ուքրանիոյ համար խաղաղապահ առաքելութիւն ստեղծելու հարցը քննարկող երկիրներու սպայակոյտերու պետերը:
Մաքրոն նաեւ յայտնեց. «Եւրոպայի ապագան չի կրնար Մոսկուայի կամ Ուաշինկթընի մէջ որոշուիլ»:


